8 Մարտի Սուրիոյ յեղափոխութեան 57ամեակին եւ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման ու դատապարտման զոյգ առիթներով, ՀՄԸՄի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր երախտագիտութեան շքեղ երթ մը, Կիրակի, 8 Մարտի առաւօտեան:
ՀՄԸՄի Դամասկոսի մասնաճիւղի արի-արենուշները բարձրացուցած էին շնորհակալութեան խօսքեր պարունակող պաստառ մը, որուն վրայ կար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին պատկերը: Անոնք Սուրիոյ դրօշը ծածանել տալով տողանցեցին մինչեւ խորհրդարանի շէնքին դիմացը: Այնտեղ ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ եւ երեսփոխաններ, որոնց կարգին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան:
Հինգերորդ վաշտի շեփորախումբը նուագեց Սուրիոյ քայլերգը եւ փունջ մը ազգային-հայրենասիրական երաժշտութիւն:
Երախտագիտութեան հաւաքին ներկայ էին Դամասկոսի սկաուտական շարժումի կեդրոնական վարչութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դամասկոսահայերու հոծ բազմութիւն մը:
Շեփորախումբին ելոյթէն ետք, հինգերորդ վաշտի խմբապետ Միհրան Ղազարեան յանուն ՀՄԸՄի Դամասկոսի մասնաճիւղին՝ խորհրդարանի նախագահին յանձնեց սկաուտական փողկապը, ապա Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄի տարազաւոր քոյրերը, եղբայրները եւ պատասխանատուները: Ընդունելութեան ներկայ էին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան եւ «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան:
Համուտա Սապպաղ ջերմօրէն ողջունեց ՀՄԸՄի Դամասկոսի մասնաճիւղին այս նախաձեռնութիւնը: Ան բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին նկատմամբ:
Հինգերորդ վաշտի խմբապետ Միհրան Ղազարեան իր կարգին շնորհաւորեց խորհրդարանի նախագահը 8 Մարտի յեղափոխութեան տօնին առիթով եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման խորհրդարանին որոշումին համար, շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդարանի բոլոր անդամներուն եւ Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին:
Իր կարգին, «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց խորհրդարանի նախագահին եւ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին: