ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Տիգրանակերտի Ճարտարապետներու պալատը եւ կարգ մը հասարակական կազմակերպութիւններ կրցած են մտնել եւ ուսումնասիրել Տիգրանակերտի Սուր շրջանի չորս թաղամասերը, որոնք մօտաւորապէս չորս տարիներէ ի վեր կտրուած են արտաքին աշխարհէն։
Պատուիրակութեան անդամները, որոնք 17 Յունուարին մտած էին Սուր, իրենց հետաքննութեան վերաբերեալ զեկոյցը հանրութեան հետ կիսեցին անցեալ շաբաթ, մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը:
Ըստ զեկոյցին՝ տասնեակ մը պատմական կառոյցներ ամբողջութեամբ քանդուած են, եւ որոշ տարածքներու մէջ «պեղումներ» կատարուած են գանձագողերու կողմէ, շէնքերուն յաւելեալ վնասներ հասցնելով։
Պատուիրակութեան զեկոյցին համաձայն՝ Սուր, Հասիրլի, Ֆաթիհփաշա եւ Տապանօղլու թաղամասերուն մէջ գտնուող 49 պատմական շէնքերէն որեւէ քար չէ մնացած:
Կը նշուի նաեւ հետեւեալը. «Ոչնչացած են նաեւ (հայկական) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ քաղդէական եկեղեցւոյ խանութները եւ բակերու պատերը»: