ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանի նախագահութեամբ՝ 9 Մարտին տեղի ունեցաւ ՄԱԿի Կանանց կարգավիճակի հարցերու յանձնաժողովին 64րդ նստաշրջանի բացման նիստը, որ նուիրուած էր Կանանց հարցերու 4րդ համաշխարհային համաժողովի՝ Պէյճինկի հռչակագիրին եւ Գործողութիւններու հարթակի ընդունման 25ամեայ յոբելեանին։ Ժողովը որդեգրեց Քաղաքական հռչակագիր մը, որուն մէջ շեշտը կը դրուի կանանց եւ աղջիկներու բոլոր իրաւունքներուն եւ հիմնարար ազատութիւններուն ամբողջական եւ հաւասար յարգման, հասարակական կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ կանանց մասնակցութեան, անոնց նկատմամբ բռնութեան բոլոր ձեւերուն դէմ պայքարի, արդարադատութեան մատչելիութեան ապահովման կարեւորութեան եւ շարք մը այլ առանցքային ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ գործողութիւններու անհրաժեշտութեան վրայ։ Հռչակագիրին մէջ կը վերահաստատուի կանանց եւ աղջիկներու յառաջխաղացման կարեւորութիւնը ՄԱԿի Կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման համար:
Իր ողջոյնի ուղերձին մէջ Մհեր Մարգարեան կարեւոր նկատեց անդամ պետութիւններուն կողմէ սեռերու միջեւ հաւասարութեան հասնելու, բոլոր կիներուն եւ աղջիկներուն յառաջխաղացքը ու անոնց իրաւունքներուն լիիրաւ օգտագործման ընդհանուր նպատակին հասնելու իրենց քաղաքական կամքին եւ յստակ յանձնառութեան հաստատումը։ Դեսպան Մարգարեան ընդգծեց հանրային կեանքին մէջ կիներու առանցքային դերը։