
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 6 Մարտ թուակիր հաղորդագրութեամբ կը սգայ անակնկալ մահը Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեանի, որ պատահեցաւ 5 Մարտին։ Ան 68 տարեկան էր։
Լիբանանի Շթորա գիւղաքաղաքը ծնած Խաչօ Աշաճեան իսկական հայրենասէր մըն էր եւ շրջանի հայ համայնքին գործօն անդամներէն մին։ Ան կարեւոր աշխատանք տարած էր քաղաքական ասպարէզ մտնել փափաքող հայ երիտասարդներու զօրակցելով եւ անոնց համար օրինակելի տիպար մը հանդիսացած էր, միշտ կարեւոր համարելով իր հայկական արմատները, միեւնոյն ժամանակ լաւապէս ներկայացնելով Սան Լուի Օպիսպօն եւ մօտակայ շրջաններու բնակչութեան իրաւունքերը Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ։
Ան 2010ին ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ, հանդիսանալով առաջին ներգաղթող հայը, որ այդ մարմինին անդամ կ՛ընտրուի։ Նահանգային խորհրդարանին մէջ ան ապահովեց հաստատումը շարք մը հայանպաստ բանաձեւներու, որոնց շարքին էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը կարելի դարձնող, Թուրքիայէն նահանգային ներդրումները ետ քաշելուն վերաբերող, Արցախի ինքնորոշման ճանաչումը ջատագովող, Թուքիոյ բռնագրաւած հայկական եկեղեցիներու վերադարձը պահանջող եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ ատրպէյճանական բռնարարքները դատապարտող բանաձեւեր։
2013ին, ան մաս կազմած էր դէպի Հայաստան եւ Արցախ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներու շրջապտոյտին եւ վերադարձին կազմեց Քալիֆորնիոյ հայկական օրէնսդրական համախմբումը։
Խաչօ Աշաճեան արժանացած է Արցախի նախագահական եւ Մխիթար Գօշի անուան երախտագիտութեան շքանշանին եւ 2013ին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակին։ Ան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին միշտ նեցուկ կանգանած էր մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայ Դատի ջատագովման տարեկան ձեռնարկներուն եւ նպաստած էր Հայ Դատի այլ նախաձեռնութեանց։
Ան մեծապէս յարգուած քաղաքական գործիչ մըն էր, որուն փաստերէն մէկը այն էր, որ հանրապետական մը ըլլալով հանդերձ խորհրդարանական յանձնախումբի մը ատենապետ նշանակուած էր դեմոկրատներուն կողմէ։ Սակայն, քոնկրեսի անդամ ընտրուելու անոր փորձը յաջողութեամբ չէր աւարտած։
Տէր եւ տիկ. Խաչօ եւ Արաքսի Աշաճեանները 2016ին նաեւ ստանձնած էին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերուն Պատուոյ նախագահութիւնը։
ՄԱՀԱԶԴ
ԽԱՉՕ ԱՇԱՃԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ զաւակին, ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Խաչօ Աշաճեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020ին, Սան Լուիզ Օպիսփոյի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Mission San Luis Obispo de Tolosa-ի մէջ, ապա թաղումը՝ միայն հարազատներով։
Սգակիրներ՝
Մայրը՝ Մարի Աշաճեան
Այրին՝ Արաքսի Աշաճեան
Զաւակները՝ Նայիրի Աշաճեան
Հրաչ Աշաճեան եւ ընտանիք
Քոյրը՝ Յասմիկ Քիւրքէյէրեան եւ զաւակները՝ Անօ եւ Հրայր
Քոյրը՝ Մարկօ Վարդանեան
Քրոջ զաւակները՝ Հուրի Վարդանեան Սիմոն
Թամար Եղիշեան եւ ընտանիք
Քոյրը՝ Անի Քիւրքէյէրեան
Քրոջ զաւակները՝ Շուշան Քիւրքէյէրեան
Վարուժան Քիւրքէյէրեան եւ ընտանիք
Մարալ Քիւրքէյէրեան եւ ընտանիք
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք, ժամը 12։30ին, հոգեճաշ պիտի մատուցուի Alex Madonna Expo Center-ի մէջ, 120 Madonna Rd., San Luis Obispo, CA 93405
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Armenian Relief Society-ին, www.arswestusa.org/donate, Senior Nutrition Program of San Luis Obispo County-ին, www.mealsthatconnect.org/donate կամ End Kids Cancer Foundation-ին www.endkidscancer.org/donate։