ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 19 Փետրուարին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ներկայ օրակարգը, գրասենեակի ծրագիրները եւ յառաջիկայ աշխատանքները, մասնաւորաբար՝ Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք համաժողովին ընթացքին Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ համագործակցութեան եւ աշխոյժ մասնակցութեան ապահովման վերաբերող հարցեր: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց ՀՅԴի կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ միջոցառումները:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին հայաստանեան կեանքին մէջ Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը եւ հայրենադարձութեան գործընթացին կազմակերպումը: