ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 3 Մարտի ընտրութիւններուն ընթացքին որոշած է զօրակցիլ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 57րդ ընտրաշրջանի աթոռին համար իր թեկնածութիւնը դրած Լիսա Քալտերոնի ընտրապայքարին։
Այս որոշումէն առաջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւններուն անդամները հանդիպում մը ունեցան Քալտերոնի հետ, երաշխիքներ ստանալով անկէ, որ մօտէն պիտի գործակցի շրջանի հայ համայնքին հետ, կը յայտնէ Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Վիգէն Բագրատունի՝ յիշեցնելով, որ Քալտերոնի ընտանիքի անդամներ անցեալին սերտօրէն գործակցած են շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ հայ համայնքին հետ։
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 57րդ ընտրաշրջանին մէջ կ՛իյնան Լոս Անճելըս գաւառի հարաւ-արեւելեան եւ Սան Կապիէլ հովիտի հարաւային շրջանները, ներառեալ՝ Ուիթիըր ու Նորուոք քաղաքները։
Քալտերոն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատին ցուցաբերած աջակցութեան համար։
Վերոյիշեալ հանդիպումին ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները քննարկեցին այն իրողութիւնը, որ հայութեան թիւին համեմատ, բաւարար հայ ներկայացուցիչներ չկան նահանգային յանձնաժողովներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ցեղային նիւթերու նոր դասաւանդումներուն մէջ քալիֆորնիահայութեան ներդրումներուն մասին բաւարար տեղեկութեանց ներառման կարեւորութիւնը։ Քալտերոն խոստացաւ հետապնդել այս հարցերը, արդար ներկայացուցչութիւն եւ տեղեկատուութիւն ապահովելու համար։