ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Գերմանիա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Պունտեսթակի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ:
Վերջինս դիտել տուաւ, որ Պունտեսթակը վաւերացուցած է Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ վարչապետին այցելութիւնը Պերլին նոր ազդակ կը հաղորդէ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց վերը նշուած համաձայնագիրը վաւերացնելու համար եւ նշեց, որ անիկա կը նպաստէ Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման: «Վերջին մէկ տարուան ընթացքում Հայաստանը ժողովրդավարութեան վերաբերեալ բոլոր վարկանշային աղիւսակներում մեծ առաջընթաց է գրանցուել: Մեր կառավարութիւնը Գերմանիայի հետ յարաբերութիւնների զարգացման եւս մի կարեւոր նպատակադրում ունի: Ձեր երկիրը մեզ համար հետաքրքիր է որպէս կայացած խորհրդարանական պետութիւն, քանի որ 2018 թուականից Հայաստանը կիսանախագահական կառավարման համակարգից եւս անցում է կատարել խորհրդարանական համակարգի», ըսաւ վարչապետը՝ կարեւոր նկատելով այս ուղղութեամբ գերմանական փորձի փոխանակումը՝ համակարգը Հայաստանի մէջ աւելի գործնական դարձնելու նպատակով: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, թէ իր գլխաւորած կառավարութեան նպատակն է Հայաստանի մէջ եւս ժողովրդավարութիւնը, անկախ, վստահելի դատական համակարգը նոյնքան անշրջելի դարձնել, որքան Գերմանիոյ մէջ:
Վարչապետը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ, 5 Ապրիլին տեղի ունենալիք սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յառաջիկայ հանրաքուէին եւ անոր հանգամանքներուն: Ան Գերմանիոյ Պունտեսթակի ներկայացուցիչները, իբրեւ դիտորդ՝ հրաւիրեց հետեւելու հանրաքուէի ընթացքին:
Վոլֆկանկ Շոյպլէ գերմանական կողմին աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ իրականացող դատաիրաւական բարեփոխումներուն եւ ժողովրդավարական գործընթացին՝ ընդգծելով, որ ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան զարգացմանը: Վոլֆկանկ Շոյպլէ յոյս յայտնեց, որ Հայաստան կը շարունակէ ջանքերը՝ նպաստելու երկու միութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու խթանման:
Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը եւս կարեւոր նկատեց ԵԱՏՄ-ԵՄ համագործակցութեան նոր բանաձեւերու որոնումը եւ նշեց, որ ԵԱՏՄի շրջանակին մէջ եւս հարցը կը քննարկուի: