ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան Երաժշտական երկոներու շարքին յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 29 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ եւ նուիրուած է հայկական ժողովրդային եւ դասական երաժշտութեան։
«Արեւելք-Արեւմուտք հանդիում» խորագրուած ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան դուդուկահար Ջիւան Գասպարեան կրտսեր եւ ուտահար Անդրանիկ Քիզիրեան։
Տոմսերու սակը 20 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար այցելել՝ www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը։
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։