ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Խմբավար Կրեկ Հօշարեանի ղեկավարութեամբ, «Արմինիըն Փափս» նուագախումբը իւրայատուկ համերգ մը պիտի ներկայացնէ Հոլիվուտի «Լայվ Հաուս» սրահին մէջ (1534 N. Highland Ave., Los Angeles 90028)՝ «Լսողական ձուլում» խորագրին տակ։
Համերգը առիթ մը պիտի ըլլայ ներկայացնելու Հօշարեանի յօրինած եւ մշակած ստեղծագործութիւնները եւ Հօշարեանի նոր հրապարակած ալպոմը։ Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Աննա Խաչիկեան։
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Կրեկի հօր՝ Էտուարտ Հօշարեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամին, որ նեցուկ կը կանգնի երաժշտութեան մէջ մասնագիտացող հայ ուսանողներու:
Տոմսերուն սակը 50 տոլար է եւ զանոնք կարելի է ապահովել www.acousticfusion.eventbrite.com կայքէն։