ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ հաստատելով, որ հայաստանեան վերջին զարգացումները թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ յստակ ազդակներ կը հաղորդեն, որ մեր պետութեան ժողովրդավարական եւ իրաւական բարեփոխումներու ընթացքը վտանգաւոր խոչընդոտներու պիտի բախի:
««Ժառանգութիւնը»՝ իբրեւ 2018ի գարնանային յեղափոխութեան հիմքում ընկած արժէքների եւ Նոր Հայաստանի գաղափարախօսութեան հետեւողական դաւանորդ քաղաքական ուժ՝ շեշտում է, որ Հայաստանում դարձեալ գլուխ են բարձրացնում հին ու տխրահռչակ ուժերը, որոնք ցանկանում են «ոտքերը մաքրել» առաջընթացի մեր յոյսերի ու ծրագրերի վրայ: Եւրոպական եւ միջազգային գործընկեր կառոյցները ուշադրութիւն են սեւեռում գաղափարական պայքարից դէպի միջանձնային պայքարի անցման, ինչպէս նաեւ սայթաքելու հնարաւորութեան վրայ՝ յորդորելով լիցքաթափել իրավիճակը եւ երաշխաւորել սահմանադրութեան բնականոն գործունէութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
«Ժառանգութիւն»ը կը յայտնէ, թէ համոզուած է, որ 2015ին, ժողովուրդին կողմէ մերժուած, կեղծուած սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի քաղաքական համերաշխ մթնոլորտի մէջ՝ ժողովրդավարական արժէքներուն հաւատարիմ՝ կոչ ուղղելով Հայաստանի իշխանութեան բոլոր թեւերուն՝ գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական, արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն, քաղաքացիական հասարակութեան՝ հաստատելու փոխգործակցութեան մթնոլորտ: «Գործադիր իշխանութիւնը բարեփոխումներն աւարտին հասցնելու լուրջ առաքելութիւն ունի, համախմբելու ժողովրդավարական եւ իրաւական Հայաստանի կայացմանը հաւատարիմ գործունակ բոլոր ուժերին, այլ ոչ թէ հասարակութիւնը կրկին բաժանել սեւերի եւ սպիտակների: Այս ճանապարհին մեր անվերապահ պատրաստակամութիւնն ենք արտայայտում աշխատելու եւ գործնական քայլեր կատարելու: Թոյլ չտա՛նք Հայաստանի Հանրապետութեանը շեղելու Նոր Հայաստանի կայացման եւ օրէնքի գերակայութեան հաստատման օրա-կարգից: Մենք ցայսօր չունենք ժողովրդի կամքն արտայայտող օրինական սահմանադրութիւն, ուստի պէտք է հանրաքուէով փոխել ողջ սահմանադրութիւնը, որի կամքն արտայայտել է գործող իշխանութիւնը՝ կազմելով յանձնաժողով, դրա շնորհիւ կը բարեփոխուի նաեւ ՍԴին վերաբերող յօդուածների համախումբը: Այսօր առաջարկուող հատուածական փոփոխութիւնները եւ հանրաքուէները հարցի հանգուցալուծման արդիւնաւէտ ուղի չեն», կը հաստատէ «Ժառանգութիւն»ը: