ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վրաստան աշխատանքային այցելութիւն տուող Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, թեմի առաջնորդական տեղապահ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի կողմէ տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ մէջ իրականացուած նորոգութիւններուն եւ հոգեւոր-մշակութային գործունէութեան մասին:
Այնուհետեւ յանձնակատարը այցելեց «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնը, որուն ղեկավարը՝ Եւգենեա Մարկոսեան ներկայացուց այնտեղ գործող նախակրթարանը, մայրենիի ուսուցման միօրեայ վարժարանները, երգի, պարի, տհոլի, տուտուկի եւ ճատրակի խմբակները:
Զարեհ Սինանեան բարձր գնահատեց կեդրոնի հայապահպան գործունէութիւնը եւ համագործակցութիւնը առաւել սերտացնելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Այնուհետեւ Սինանեան հանդիպում ունեցաւ Թիֆլիսի համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ան խօսեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ուղղութիւններուն եւ առաջնահերթութիւններուն մասին, եւ նշեց, որ այսօր կը կերտուի մարդակեդրոն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ պիտի ծառայէ իր քաղաքացիներուն՝ հիմնուած ըլլայ արդարութեան, հաւասարութեան, ճշմարտութեան գաղափարներուն վրայ: Անդրադառնալով վիրահայ համայնքին՝ յանձնակատարը շեշտեց, որ, տարաբնոյթ դժուարութիւններով հանդերձ՝ համայնքը ամէն ինչ կ՛ընէ հայ ինքնութիւնը պահպանելու համար, իսկ հայերը Վրաստանի լաւ քաղաքացիներ ըլլալով՝ նաեւ կը շարունակեն լաւ հայ մարդ մնալ: Զարեհ Սինանեան խօսեցաւ նաեւ համայնքային շարք մը հարցերու եւ անոնց լուծման կարեւորութեան մասին:
Առաւել քան 2 ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, մասնակցողները գլխաւոր յանձնակատարին ուղղեցին բազմաթիւ հարցումներ, որոնք յատկապէս կը վերաբերին հայապահպանման, հայոց լեզուի դասաւանդման, մշակութային նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն, համայնքային կառոյցներուն հետ աշխատանքի առանձնայատկութիւններուն, հայրենադարձութեան, գրասենեակին 2020 տարեշրջանի ծրագիրներուն, փոխայցելութիւններուն եւ հայ-վրացական միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ հայ համայնքին դերակատարութեան: