ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ բացայայտած է զինուորական ծառայութեան վերաբերող առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք ստանալու դէպքեր։
Փաստեր կան այն մասին, որ ջղաբանութեան բժշկական կեդրոնի աւագ ջղաբանը իրեն ծանօթ անձի մը նախաձեռնութեամբ, 2019ին ընդգրկուած ըլլալով զօրակոչիկներու բժշկական հետազօտման, փորձաքննութեան եւ բուժման համար ստեղծուած յանձնաժողովին մէջ, կաշառքի դիմաց կեղծ բժշկական փաստաթուղթեր ձեւաւորելու եւ անոնց հիման վրայ զինակոչիկներուն համար պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայութենէն տարկետում ստանալու վերաբերեալ նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած է նշուած ծանօթ անձին հետ։ Այնուհետեւ անոր օժանդակութեամբ Նոյեմբերէն Դեկտեմբեր 2019ին, 4 զօրակոչիկներու հարազատներէն ստացած է առանձնապէս մեծ չափերով՝ ընդհանուր առմամբ 8500 տոլարի կաշառք:
«Փաստական տուեալներ են ձեռք բերուել նաեւ, որ յիշեալ ծանօթը ինչպէս վերը նշուած, այնպէս էլ այլ զօրակոչիկների համար պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայութիւնից տարկետում ստանալու եւ զինծառայողներին ժամկէտային զինուորական ծառայութիւնից վաղաժամ զօրացրելու նպատակով, վերջիններիս հարազատներից՝ որպէս միջնորդ, պատկան մարմիններին կաշառք տալու համար 2019ի ընթացքում ստացել է առանձնապէս խոշոր չափերի՝ ընդհանուրը 45,000 դոլար գումար», նշուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
Դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ։ Անհերքելի ապացոյցներուն դիմաց, կաշառք ստացած յիշեալ պաշտօնատար անձը խոստովանած է կատարած իր յանցագործութիւնը։ «Կատարւում է նախաքննութիւն, միջոցներ են ձեռնարկւում բոլոր յանցադէպերը եւ կոռուպցիոն (զեղծարար-Խմբ.) շղթայի մեջ ներգրաւուած անձանց շրջանակը պարզելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ», յայտնեց ծառայութիւնը։
Այս մէկն ալ՝ «թաւշեայ» իշխանութեան քիթին տակ…: