ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մղձկահազը-հազամղձուկը (croup) մանկական ժահրային փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Ան վերին շնչառական համակարգի խողովակներուն ժահրային բորբոքումն է, ուր տեղի կ՛ունենայ խռչափողի (trachea) եւ շնչափողի նեղացում, խցում, որուն հետեւանքով կը յառաջանայ հաչոցային հազ (barking cough): Մանրէական հազամղձուկը հազուադէպօրէն կը տեսնուի, սակայն աւելի ուժգին է իր ախտանշաններով: Մղձկահազի յարուցիչը Parainfluenza ժահրն է:
Հազամղձուկը ընդհանրապէս կը պատահի երեխաներուն առանց սեռի խտրութեան, սակայն աւելի յաճախակի տղոց, քան աղջիկներուն եւ առաւելաբար 0.5-3 տարեկան երեխաներուն: Այս տարիքի մանուկներ աւելի հակամէտ են վարակուելու այս ժահրերով եւ հազամաղձուկ ունենալու, որովհետեւ անոնց խռչափողը եւ շնչափողը, համեմատաբար չափահասներու, աւելի նեղ կ՛ըլլան եւ պզտիկ բորբոքումով մը կը խցուին: Հազամղձուկը 6 տարեկանէն ետք ընդհանրապէս չի պատահիր: Չափահասներն ալ կրնան վարակուիլ, սակայն նուազ ախտանշաններով եւ աւելի մեղմ:
Հազամղձուկը առաւելաբար աշնան եւ ձմրան օրերուն տեսնուած հիւանդութին մըն է: Ան կը տեւէ 6-7 օր: Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը կը բարելաւուի 6-7 օրուան ընթացքին:
Անոր սկզբնական ախտանշանները կը նմանին հարբուխի ախտանշաններուն՝ կոկորդացաւ, քթահոսք, փռնգտուք, կարմրած աչքեր, ակնազօդաբորբ (conjunctivitis) եւ մեղմ ջերմ: Երրորդ օրէն սկսեալ, բարձր ջերմին հետ նոր ախտանշաններ կը յայտնուին: Յաջորդող օրերուն ախտանշանները կը սաստկանան, եւ հիւանդը կրնայ ունենալ մտահոգիչ առողջական վիճակ: Այս հանգրուանին հիւանդ երեխան կը տառապի գիշերային անակնկալ շնչահեղձութենէ, շնչարգելութենէ, շնչասլոցէ (stridor), գրգռուած չոր հաչոցանման հազէ, ձայնի փոփոխութենէ եւ խռպոտութենէ (hoarseness), վիզի, վերնափորի եւ անրակի (clavicle) վերին եւ ստորին փոսիկներու խորացումէ ու կծկումէ (retraction): Արտաշնչումի ընթացքին կը պատահի հաչոցային հազը, որ կը զօրանայ լալով եւ ջղագրգռութեամբ, իսկ ներշնչումի ընթացքին կը յայտնուի բարձր ձայնաստիճանով սուլոց: Ախտանշանները կը պատահին առաւելաբար գիշերը:
Ինչպէս յիշուեցաւ, հազամղձուկը փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Ան փոխանցիկ է առաջին ախտանշանները սկսելէ 3 օր ետք, մինչեւ ջերմին անհետացումը: Այլ խօսքով՝ ընդամէնը 3-4 օր:
Հազամղձուկը կը տարածուի եւ կը փոխանցուի ուղղակի եւ անուղղակի ձեւով: Ուղղակի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ օդին մէջ գտնուած ժահրերուն միջոցաւ: Այս ժահրերը հիւանդ մանուկը իր շրջապատին մէջ կը տարածէ արտաշնչումով, հազալով եւ փռնգտալով: Առողջ անձ մը երբ ներշնչէ օդին մէջ գտնուող այս ժահրերը, շուտով կը վարակուի:
Վարակուած երեխան իր արտաշնչած ժահրերը հազալով եւ փռնգտալով կը տարածէ եւ կը տեղաւորէ իր խաղալիքներուն, իրերուն եւ սպասներուն վրայ: Ան իր մատներով կը փոխադրէ քիթին եւ բերնին մէջ գտնուած գործօն ժահրերը իր խաղալիքներուն եւ գործածած իրերուն վրայ: Առողջ մանուկ մը կը վարակուի այս ժահրերով, երբ կը դպնայ այս խաղալիքներուն կամ իրերուն: Վարակման այս ձեւը կը կոչուի անուղղակի վարակում:
Հազամղձուկի ախտաճանաչումը կը հիմնաւորուի առաւելաբար հիւանդին ունեցած ախտանշաններով, որոնք ամէնէն կարեւոր եւ հիմնական ազդակներն են: Ախտաճանաչումը կ՛ամբողջանայ բժշկական քննութեամբ եւ թոքերու նկարումով:
Հազամղձուկի դարմանումը կախեալ է ախտանշաններու ուժգնութենէն: Հիւանդներուն մեծամասնութեան առողջական վիճակը կը բարելաւուի տնային դարմանամիջոցներով: Այս ախտամիջոցներն են՝ պահել հիւանդը հանդարտ վիճակի մէջ, առիթ չտալ որ ան լայ, գրգռուի եւ ջղայնանայ, տալ անոր առատ հեղուկ եւ հակաջերմ դեղեր, պահել երեխան ուղղահայեաց դիրքով, հայթայթել մաքուր, խոնաւ օդ եւ շոգի, հեռու պահել զայն ծխախոտի ծուխէն եւ մուխէն: Կը յանձնարարուի ծնողներուն, որ հիւանդ երեխային մօտ ըլլան միշտ եւ նոյնիսկ նստին անոր ննջարանին մէջ, որպէսզի հետեւին անոր շնչառութեան հոլովոյթին:
Հիւանդանոցային շտապ օգնութիւնը պարտադիր կը դառնայ յառաջացած ախտանշաններով հիւանդներուն համար: Անոնք կը խնամուին հիւանդանոցի մը մէջ, ուր կը տրուի շտապ խնամք եւ որոշ դեղեր՝ մեղմացնելու համար անոնց շնչահեղձութիւնը եւ բարելաւելու համար անոնց շնչառութիւնը: Կը կիրարկուին խոնաւ օդ եւ շոգի ու հետեւեալ երկու դեղերը՝ Շաքարաքորթիզոն (glucocorticoid) եւ Էփինեֆրին (epinephrine), մեղմացնելու համար շնչառական խողովակներուն բորբոքումը. Շաքարաքորթիզոնը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ կիրարկումէն 1-2 ժամ ետք, իսկ Էփինեֆրինը՝ 5-10 վայրկեան ետք: Էփինեֆրինը աւելի արագ կը գործէ, բայց անոր ազդեցութիւնը կարճատեւ է՝ բաղդատմամբ շաքարաքորթիզոնի: Շնչականգառի պարագային կը կատարուի շտապ շնչափողաշակում (tracheotomy), որպէսզի հիւանդին արուեստական շնչառութիւն կիրարկուի եւ թթուածին ներմուծուի:
Հազամաղձուկի բարդութիւններն են՝ շնչահեղձութիւն, արագ շնչառութիւն, շնչասլոց, շնչականգառ (respiratory arrest), կապտութիւն (cyanosis ), շնչափողի եւ խռչափողի մանրէական երկրորդական բորբոքում, կլլելու դժուարութիւն, ջրազրկում (dehydration):
Կարելի՞ է հազամղձուկի տարածումը արգիլել:
Այո՛, կարելի է հետեւելով նշեալ ցուցմունքներուն՝ առողջ անձեր հեռու պէտք է մնան վարակուած անձերէ, վարակուածներ պէտք չէ շփում ունենան առողջ անձերու հետ, առողջ անձեր վարակուած հիւանդներուն իրերուն եւ սպասներուն պէտք չէ դպնան, վարակուած հիւանդներ պէտք է հազան եւ փռնգտան իրենց արմուկին մէջ եւ ոչ թէ ձեռքի մէջ կամ բացօդեայ: Առողջ անձեր վարակուած հիւանդի մը մօտ գտնուելէ ետք պէտք է լուան իրենց ձեռքերը ջուրով եւ օճառով:
Դժբախտաբար, հազամղձուկի դէմ պատուաստ չէ գտնուած մինչեւ օրս: