ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, 30 Յունուարին տեղի ունենալիք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տղամարդոց համախմբումի հերթական ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ
Քեն Խաչիկեան, որ տասնամեակներու ընթացքին եղած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքական ընտրապայքարներու վստահելի խորհրդական եւ ճառեր գրողը նախագահ Ռանըլտ Ռեկընին, որ հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յստակօրէն հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը:
Այս առիթով, համախմբումը իր «Կեանքի մը իրագործումներ»ու մրցանակը պիտի շնորհէ Խաչիկեանին, որ եղած է նաեւ նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի ճառերու հեղինակը, ինչպէս նաեւ անոր յատուկ խորհրդականի տեղակալը: Աւելի ուշ, ան օժանդակած է Նիքսընի յուշերը խմբագրելու աշխատանքին։ Խաչիկեան բացի Ռեկընի ճառերուն գլխաւոր հեղինակն ըլլալէ, նաեւ անոր յատուկ խորհրդականն էր: 1980ականներէն ի վեր, ան կարեւոր դէմք մը կը նկատուի Քալիֆորնիոյ Հանրապետական կուսակցութեան ընտրապայքարներուն մէջ, եւ անոր շնորհիւ ստացած է «Քալիֆորնիոյ հանրապետական քաղաքականութեան առիւծը» որակումը: 1982ին եւ 1986ին, ան գլխաւոր խորհրդականն էր Ճորճ Տէօքմէճեանի նահանգապետական ընտրապայքարներուն: Ան նաեւ խորհրդական էր Փիթ Ուիլսընի Ծերակոյտի եւ նահանգապետի ընտրապայքարներուն, որոնք յաջողութեամբ պսակուեցան:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ (2215 E. Colorado Blvd., Pasadena, CA 91107), երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ։ Ընթրիքին մասնակցութեան սակը 20 տոլար է։ Տեղեր կարելի է ապահովել՝ դիմելով (626) 695-9899, (626) 399-1914 կամ (626) 449-1523 թիւերուն։