ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած սենեկային երաժշտութեան «Դիլիջան» համերգաշարին 15րդ տարեշրջանի չորրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 26 Յունուարին, կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012):
«Գերազանցութիւն» խորագրուած այս համերգին ընթացքին պիտի ներկայացուին Կոմիտասէն, Պախէն, Հալաճեանէն եւ Պեթհովենէն ստեղծագործութիւններ:
Համերգին գլխաւոր մենակատարներն են՝ Փօլ Քոլեթթի (ջութ), Փիթըր Սթամֆ (թաւջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ) եւ Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ)։ Համերգին պիտի մասնակցի նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Սերաֆիք Ֆայըր» երիտասարդ երգիչներու երգչախումբը, խմբավարութեամբ Ճէյմզ Պասի։
Նաեւ, ձեռնարկին ընթացքին պիտի յայտարարուի հանրայայտ յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի անուան յօրինումի մրցանքին անդրանիկ մրցանակակիրը, որ նիւթական վարձատրութեան կողքին, առիթը պիտի ունենայ իր ստեղծագործութիւնը հանրութեան ներկայացնելու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայկական երաժշտութեան ծրագիրին համագործակցութեամբ։ Գործին արհեստավարժ մակարդակով արձանագրութիւնը եւս պիտի կատարուի։ Համերգին տոմսերու սակը 27 կամ 45 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար: Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել www.dilijan.larkmusicalsociety.org կայքը: