ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ մէջ, «Եւրոպական ժողովրդավար Ատրպէյճան» կազմակերպութեան անդամները բողոքի ցոյց կատարեցին Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներուն առջեւ, կը հաղորդէ «Մէյտան» պատկերասփիւռի կայանը:
Ցուցարարները նշեալ երկիրներէն պահանջեցին քանդել իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող՝ «Ատրպէյճանի մէջ բռնապետութեան եւ ընտանեկան իշխանութեան հիմնադիր» Հայտար Ալիեւի արձանները: Անոնք այս մասին իրենց գրաւոր պահանջները յանձնեցին երեք երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացուցիչներուն:
Ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ կային Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած ընդդիմադիր գործիչներու լուսանկարները:
Ցոյցին կազմակերպիչներէն մէկը խօսեցաւ Հայտար Ալիեւի կողմէ ժողովրդավարական արժէքներուն հասցուած վնասներուն մասին, իսկ այլ կազմակերպիչ մը Ուքրանիան դատապարտեց այլախոհ ատրպէյճանցի գործիչ Էլվին Իսայեւը Պաքուին յանձնելուն մէջ: Ցուցարարները յիշեցին նաեւ լրագրող Աֆղան Մուխթարլըի պարագան։ Ան առեւանգուած էր Վրաստանի մէջ եւ տեղափոխուած Ատրպէյճան, ուր բանտարկուած կը մնայ:
Ցուցարարները նշեցին, որ Ուքրանիա եւ Վրաստան, որոնք կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ, «արժանի չեն այդպիսի պատիւի, որովհետեւ կ՛օգնեն Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակարգին»: Անոնք նաեւ Ատրպէյճանի բոլոր քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու կոչ ըրին: