ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան ղեկավարներէն շէյխ Ալի Տաամուշ Ուրբաթ, 17 Յունուարին կոչ ըրաւ Լիբանանի քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ ղեկավարներուն, որ աւելիով չձգձգեն կառավարութեան կազմութիւնը, առաջքը առնելու համար քաոսային վիճակի մը եւ «ամբողջական քանդում»ին։
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց, երբ նոյն օրը ակնկալուող 18 հոգինոց կառավարութեան մը կազմութեան համաձայնութիւն չգոյացաւ որոշ քաղաքական ուժերու մերժողական կեցուածքին իբրեւ արդիւնք։
Մինչ վարչապետ նշանակուած Հասսան Տիապ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը կը շարունակէ, ժողովրդային շարժումը իր քայլերը կը շարունակէ՝ հիմնականօրէն դրամատուներուն դէմ կեդրոնացնելով իր արշաւը եւ շարունակելով փակել շարք մը պողոտաներ:
Ցուցարարները Հինգշաբթի երեկոյեան նաեւ ցոյց-քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի ներքին գործոց նախարարութիւն՝ բողոքելու համար ցուցարարներուն դէմ ապահովութեան ուժերուն բանեցուցած անհամաչափ քայլերուն դէմ:
Զաւեշտի գագաթնակէտն է սա: Նո՛յն «Հըզպալլա»ն մաս կը կազմէ կառավարութեան կազմութիւնը ձգձգողներու խումբին, բայց իրաւունք կը վերապահէ այլ կուսակցութիւններու կոչ ընել որ չձգձգեն կառավարութեան կազմութիւնը…: Լիբանան, Լիբանա՜ն: