Տարիներ յետաձգուելէ ետք, վերջապէս հրատարակուեցաւ Մարտիկ Մատէնճեանի եռահատոր գիրքին երրորդ հատորը՝ անգլերէնով. Quest for Ravished Paradise։ Անոր հայերէն տարբերակը հրատարակուած էր 2014ին եւ ողջունուած գրասէրերու կողմէ:
Մատէնճեանի գիրքին նպատակը եղած է իր ծնողքին պատմութիւնը գրել, որուն համար տարբեր երկիրներ այցելած է՝ տեղեկութիւն հաւաքելու Չեփնիի վերապրածներու զաւակներէն։ Կարգը եկած էր Թուրքիա այցելութեան, զոր կատարեց 2007ին:
Ծնողքը իբրեւ «դրախտ» ներկայացուցած էր իր հայրենի ծննդավայրը: Մարտիկը ուզեց սեփական աչքերով տեսնել այդ «դրախտավայրը», իջեւանելով Չեփնիի գիւղապետին տան մէջ, որուն հրաւէրին ընդառաջելով՝ Մարտիկ յանձն առած էր այդ վտանգաւոր քայլը, հակառակ «մի՛ երթար» ըսողներուն: Նոյն տարուան Յունուարին, Հրանդ Տինք սպաննուած էր թուրքերու կողմէ եւ որուն իբրեւ արդիւնք՝ հարիւր հազարաւոր թուրքեր փողոց իջած էին՝ «Բոլորս ալ հայ ենք, բոլորս Հրանդ Տինք ենք» բացագանչելով: Այդ զօրակցութեան ցոյցը լաւ ազդեց Մատէնճեանի վրայ եւ որոշեց անպայման երթալ Երկիր:
Գիւղապետը անձամբ եկած էր Կեսարիոյ օդակայանը Մարտիկը դիմաւորելու: Կեսարիայէն մինչեւ Չեփնի, հարիւր քիլոմեթր, գիւղապետին հետ խօսած էր իր նպատակներուն մասին: Գիւղապետը լսած էր Մարտիկէն, որ հայրը կենսագրական նօթեր գրած էր եւ գիւղապետը հետաքրքրուած էր այդ նօթերուն բովանդակութեամբ: Ան կը կարծէր, որ պահուած գանձերու մասին տեղեկութիւն պիտի ստանար: Պտոյտէ մը վերադարձին, հանդիպեցան առաջին (եւ վերջին) հայուն. անունը՝ Ահմետ Մշակ էր, Աւտիքեաններու գերդաստանէն: Ան ըսաւ, որ Աւտիքեանները շատ հին ընտանիք են եւ երբ իրենք հոն էին, այդ գիւղիւն մէջ, ո՛չ թուրք եւ ոչ ալ իսլամ կար: Զարմանալի էր այդ զօրաւոր արտայայտութիւնը գիւղապետին ներկայութեան:
Հետեւեալ օրը, գիւղապետը Մարտիկին տարաւ քաղաքապետարանի ներքնայարկը գտնուող տարեցներու յատկացուած ակումբը: Երբ Մարտիկը ներկայացուց գիւղապետը, մեծ հետաքրքրութեամբ դիմաւորեցին զայն: Ան առաջին հայն էր, որ կ՛այցելէր Չեփնի, Ցեղասպանութենէն ետք: Մարտիկ իմացաւ, թէ իրենց հողը ո՛ւր կը գտնուէր եւ ով առած էր զայն: Երբ Մարտիկ ուզեց, որ ներկաները նկարահանէ, առաջին անձը յօժարակամ մասնակցեցաւ, իսկ երկրորդը դժկամեցաւ: Յայտնի դարձաւ, որ այդ մարդուն նախնիներուն ձեռքը արիւնոտ է: Ներկայ գիւղացիներուն միջամտութենէն ետք ան փոխեց ընթացքը եւ ըսաւ. «Գլխուս վրայ տեղ ունիս. հայերն ու թուրքերը եղբայր են, սակայն պետութիւնը խանգարած է այդ յարաբերութիւնը»։ Այդ մարդուն հայրը յայտնի դահճապետներէն մէկը եղած է, սակայն Մարտիկին ծանօթ հայու մը կեանքը փրկած է, բանտէն արձակել տալով:
Այդ վայրէն գացին կանգուն մնացած հայոց եկեղեցին: Հոյակապ կառուցուածք մըն էր, 1810էն մնացած: Երբ այդ եկեղեցւոյ շինութիւնը աւարտած է, հայերը նախկին եկեղեցին թուրքերուն տուած են: Ըստ գիւղին մոլլային՝ 1525-26ին շինուած այդ հին եկեղեցին մզկիթի վերածուած է 1831-32ին:
Երեկոյեան, Մարտիկը տարին գիւղի նախակրթարանին տարեվերջի հանդէսին, որուն ներկայ էին գիւղապետը, գաւառապետը եւ ոստիկանութեան հրամանատարը: Հանդիսութեան ընթացքին Մարտիկը տեսաւ զարմանալի բան մը: Բեմին վրայ տեղադրուած էր Տա Վինչիի «Յիսուսի Վերջին Ընթրիքը» գործին գորգը: Գիւղապետը ըսաւ, որ անիկա բեմի զարդարանք է:
Հաթապալանի մէջ, երբ տարեց ամոլ մը իմացաւ, որ Մարտիկը հայ է, սկսաւ անոր հետ հայերէն բառեր փոխանակել, ի զարմանս Մարտիկին: Ան նաեւ Պահաթթին անունով նախկին ուսուցիչէ մը տեղեկութիւններ ստացաւ մեծ հօր եւ հօր մասին: Ապա, Մարտիկը եւ գիւղապետին տղան ճամբայ ելան՝ այցելելու բռնագաղթի ճանապարհը: Շարքըշլա, Գանկալ, Մալաթիա, Նեմրութ լեռ, Սամսաթ, Ատըեաման, Սուրուճ, Ուրֆա, Հարրան, Այնթապ, Մարաշ, Զէյթուն, Անտիոք, Չորք Մարզպան, Սիս, Վահկայ, Հաճըն, Կեսարիա եւ այցելելէ ետք Կապադովկիոյ հին քարայրները, վերադարձան Չեփնի:
Մարտիկը նշմարեց, որ այդ շրջանը երբեք չէ յառաջացած: Միայն երկու ամբարտակներ կառուցուած էին, այն ալ այդ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած կոտորածները ծածկելու համար, այդ եղերական վայրերը թաքցնելով:
Հռչակաւոր Kirkus Reviews-ը այս գիրքին գրախօսականին մէջ գրած է հետեւեալը. «Շատ հետաքրքրական անձնական տեղեկագրութիւն եւ հայոց պատմութեան կարկառուն հետազօտութիւն մը»:
Յիշեցնենք, որ գիրքին առաջին երկու հատորները «Հոլիվուտ Պուք Ֆեսթիվալ»ի պատմութեան բաժինին առաջին մրցանակները շահած են 2016ին եւ 2017ին:
(Հաղորդագրութիւնը՝
հրատարակիչէն)