ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը Շաբաթ, 11 Յունուարի առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1, հանդիպում-աշխատանիստի մը հրաւիրած էր բոլոր ազգային վարժարաններու եւ մանկամսուրներու ուսումնական մարմինները:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շամլեան Ազգային վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Ներկայ էին տնօրէններ, փոխտնօրէններ, տեսուչներ եւ ուսումնական մարմինի անդամներ:
Հանդիպման բացումը կատարեց Խնամակալ մարմինի ատենապետ Լիզա Կապուտեան: Ներկաները ջերմօրէն ողջունելէ ետք, ան հանդիպման նպատակը բացատրեց՝ շեշտելով մէկ յստակ իրականութիւն, թէ «որեւէ աշխատանքի ձեռնարկելէ առաջ պէտք է իմանալ, թէ ո՛ւր կ՛երթաս եւ ինչպէ՛ս պէտք է յառաջանաս»:
Բացումէն ետք, ներկաները ծանօթացուցին իրենք զիրենք, ապա ներկայացուեցաւ Խնամակալ մարմինին աշխատանքային պատասխանատուութիւններուն եւ աշխատանքներուն ընդարձակ ցանկը՝ իր ենթաբաժանումներով: Իւրայատուկ ցուցակ մըն էր անիկա՝ պատրաստուած Խնամակալ մարմինին կողմէ, որուն մէջ կը յստականար Խնամակալ մարմինին կեդրոնացեալ եւ առաջնորդող մարմին մը ըլլալու հանգամանքը:
Ներկայացուեցան կատարուած աշխատանքները, իրագործումները եւ ապագայի ծրագիրները: Այսպէս, փաստաբաններ Ազիթա Եագուպեան եւ Սարգիս Ուրֆալեան ներկայացուցին իրաւական եւ օրինական բաժինները, կրթական-դաստիարկչական մասը ներկայացուց դոկտ. Յասմիկ Պարան, տնօրինումի եւ կազմակերպչական բաժինը՝ Արմինէ Փափազեան, հայոց լեզու եւ գրականութիւն ու աշխատանքային ծրագրաւորումը՝ Լիզա Կապուտեան, իսկ մամուլ-հաղորդակցութեան, տեղեկատուութեան ու ճարտարագիտութեան բաժինը՝ Թամար Թիւֆէնքճեան: Առանձին բաժին մը յատկացուած էր կրթական առցանց ծրագիրները ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ կայքէջային կազմակերպչական ծրագիրները, որոնք որդեգրուած են Խնամակալ մարմինին կողմէ եւ կը գործադրուին մեր վարժարաններուն եւ տնօրէնութիւններուն կողմէ:
Կարճ դադարէ մը ետք, ներկաները հետաքրքրական խմբային աշխատանքի մը լծուեցան: Խնամակալ մարմինի անդամներէն Արմէն Աբրահամեան ներկայացուց որոշ գաղափարներ եւ նիւթեր, որոնք կը նպաստեն մեր վարժարաններու յառաջացման եւ կարիքներու գոհացման: Ներկաները խումբերով սերտեցին միտքերը եւ իրենց առաջարկները արձանագրեցին: Վերջաւորութեան, բոլորը միասնաբար արծարծեցին ներկայացուած առաջարկները, նկատի ունենալով վարժարաններուն եւ գաղութին իրավիճակը:
Կապուտեան եզրափակեց օրուան աշխատանքերը՝ կարեւոր պատգամ մը փոխանցելով. ան ըսաւ, թէ Խնամակալ մարմինը մեր բոլոր վարժարաններուն եւ մանկամսուրներուն կեդրոնացեալ խորհուրդն է, եւ մեր վարժարանները կը գործեն անոր հովանիին եւ կանոնագրութեան տակ: Մեր վարժարանները անկախ հաստատութիւններ չեն, այլ բոլորն ալ համարատու են Խնամակալ մարմինին ու Ազգային առաջնորդարանին: Կապուտեան հաստատեց, թէ մեր կառոյցին զօրութիւնը կը կայանայ այս աշխատելաձեւին ու մտայնութեան մէջ:
Աւարտին, ճաշի հիւրասիրութեամբ, ներկաները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ միտքերու փոխանակումով կրցան պարզաբանել կարգ մը երեւոյթներ, որոնց մասին քիչ առիթներ ունեցած են բարձրաձայնելու:
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ եւ բոլոր ներկաները հեռացան, բաւական տեղեկացուած եւ գիտելիքներով զօրացած, ինչը պիտի նպաստէ իրենց աշխատանքի ծաւալման եւ վարժարաններուն յառաջդիմութեան:
(Թղթակցութիւնը՝
Խնամակալ մարմինէն)