Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսաւ Մեսեչուսեց նահանգի «Քլարք» համալսարանի դասախօս, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի «Սպանութեան Հրամաններ. Թալէաթ Փաշայի Հեռագրերը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը:
Այդ առիթով, ըստ «Էրենիհապեր»ի, պատմաբանը հարցարզոյց տուաւ ֆրանսական Le Monde թերթին:
Ըստ Աքչամի՝ յաճախ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողները կը պնդեն, թէ 1915ին տեղի ունեցածը ապացուցող փաստաթուղթեր չկան:
«Սպանութեան հրամանները ի չիք կը դարձնեն բոլոր այդ պնդումները: Գիրքը կը պատմէ հայերը սպաննելու ուղիղ հրամաններու եղելութեան մասին: Թուրքիոյ մէջ ժխտողականութիւնը խոր արմատներ ունի, նոյնիսկ պետական համակարգին մէջ: Այս առումով, այդ ժխտողականութիւնը կրնանք համեմատել Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան նախկին վարչաձեւին խտրական գաղափարախօսութեան հետ: Ժխտողականութիւնը կարելի է յաղթահարել միայն քաղաքականապէս: Այդ բոլորը պէտք է դիտել այն մեծ պայքարին ծիրին մէջ, որուն նպատակն է Թուրքիոյ մէջ հաստատել ժողովրդավարութիւն: Միայն իշխանափոխութիւնը կրնայ փոխել Թուրքիոյ պաշտօնական հռետորաբանութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ: Իմ եզրակացութիւնները պիտի օգնեն անոնց, որոնք կը պայքարին, որ Թուրքիոյ մէջ հաստատուի ժողովրդավարութիւն», յայտնեց Աքչամ:
Մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկու տուներուն ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը՝ Աքչամ ընդգծեց. «Անոնք պատմական որոշումնր են: Անոնք կը խորհրդանշեն հին դարաշրջանի աւարտը եւ նոր դարաշրջանին մեկնարկը: Այստեղ ես կը տեսնեմ ոչ միայն հայ, այլեւ թուրք ժողովուրդի բարոյական յաղթանակը»: