ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան՝ ներկայացնելով նախորդ տարի, զանազան հնավայրերու մէջ կատարուած պեղումներուն արդիւնքները յայտնեց, որ հնագիտութեան ասպարէզին մէջ 2019ին կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրուած են:
Ըստ անոր՝ 2019ի հնագիտական պեղումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Արտաշատի մէջ յայտնաբերուած է հնագոյն ջրամատակարարման համակարգի հսկայական հատուած մը, որ կը պատկանի հռոմէական շրջանին։ «Ըստ էութեան, դրանք եղել են ջրանցքներ: Ջրմատակարարման համակարգի տուեալ հատուածը զբաղեցնում է մօտ 1 կմ. տարածք, որի վրայ 20 ջրանցքների հիմքեր են բացուել», դիտել տուաւ ան:
Ըստ անոր՝ առասպելական մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ վերջին 10-15 տարիներուն կատարուած պեղումները կը վկայեն, որ անիկա լուրջ արքայանիստ քաղաք եղած է: 2020 թուականին, ըստ անոր, այստեղ պեղումները պիտի շարունակուին, որպէսզի հասկնան, թէ այդ տարածքին մէջ ինչ պահպանուած է:
Պաւել Աւետիսեան նշեց նաեւ, որ Խոր Վիրապին կից սեփականաշնորհուած հողերուն մէջ գտած են հսկայական պալատական շինութիւններ, որոնց հիմքերը պահպանուած են: Տարածքին մէջ պէտք է ծրագիրներ մշակուին, եւ այդ ուղղութեամբ այս տարի աշխատանք պիտի տարուի։
Գիտնականը անդրադարձաւ նաեւ Արմաւիրի Լեռնագոգ գիւղի տարածքին մէջ 2-3 տարի առաջ յայտնաբերուած նէոլիթեան՝ նորաքարային շրջանի բնակավայրին: Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք՝ յայտնաբերուած է ոչ-շարժական բնակատեղի, որուն ստորին շերտերը թուագրուած են Ք.ա. 8րդ հազարամեակի վերջ, 7րդ հազարամեակի սկիզբ:
«Դա նշանակում է, որ մենք Հայաստանում առաջին անգամ բացել ենք վաղ նէոլիթեան շրջանի բնակավայր, իսկ մինչ այդ Հայաստանի տարածքում ստացիոնար (կայուն-Խմբ.) հնագոյն բնակատեղիները յայտնաբերուել են Ակնաշէնում, Մասիս բլուրում՝ թուագրուած Ք.ա. 6րդ հազարամեակով», ըսաւ գիտնականը՝ աւելցնելով, որ Լեռնագոգի մէջ պեղումները այս տարի ալ պիտի շարունակուին:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ հնագէտները արձանագրած են քարէ դարու հետաքրքրական տուեալներ: «Լուսակերտ 1» հնագիտական յուշարձանին մէջ կատարուած է ուսումնասիրութիւն, յայտնաբերուած են ծանր անուշաբոյր ածխաջուրեր: Յատուկ հետազօտութիւններով փաստագրուած է, որ անոնք կը վկայեն կրակի ստացման օճախ ունենալու մասին: «Խօսքը այն մշակութային շերտին մասին է, որը թողել է նեանդերթալեան մարդը: Սա նորութիւն է նախամարդու ուսումնասիրութեան ոլորտում: Մինչ այս դիտարկումներն ընդունուած էին այն տեսակէտները, որ կրակը ստացել եւ օգտագործել է բանական մարդը: Նեանդերթալեան մարդը չէր կարողանում արհեստականօրէն կրակ ստանալ: Այս հետազօտութիւնը ցոյց տուեց, որ նեանդերթալեան մարդը կարող էր կրակը արհեստականօրէն ստանալ: Սա բաւական լուրջ ուսումնասիրութիւն է, որ միջազգային նշանակութեան արդիւնք ունի», յայտնեց Աւետիսեան:
Լուսակերտի քարանձաւի պեղումները կը կատարեն հայ մասնագէտները՝ ամերիկացի գիտնականներու հետ: Անոնք օրկանական նիւթերու հրկիզումէն յառաջացող միացութիւններու տուեալները համադրած են քարանձաւի մօտակայքէն վերցուած տուեալնեուն հետ: Պարզուած է, որ քարանձաւին մէջ միշտ կրակ կ՛օգտագործուի այն պարագային, երբ անտառային հրդեհները այդ տարածքին մէջ հազուագիւտ երեւոյթներ էին։ Այս կը նշանակէ, որ նեանդերթալեան մարդը կրնար ինքնուրույն կրակ ստանալ։
Կարեւոր ձեռքբերումներէն հնագէտը առանձնացուց հայ-իտալական արշաւախումբին կողմէ Կոտայքի մէջ Վանի թագաւորութեան շրջանին կառուցուած դղեակ-ամրոցին մէջ իրականացուած պեղումներու ծրագիրը, որ ներկայացուած է Եւրոպական մշակութային ժառանգութեան «Եուրոփա Նոսթրա» մրցանակաբաշխութեան, եւ որ յուշարձաններու պահպանութեան անուանակարգին մէջ արժանացած է առաջին մրցանակի: