ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Տաւուշի հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմը փորձած է ճարտարագիտական-շինարարական աշխատանքներ իրականացնել սահմանագիծին վրայ։ Հայկական կողմը նախազգուշացնող կրակ բացած է։
Տեղեկացնենք, որ Ատրպէյճան յայտնած էր իր մէկ սահմանապահի մահուան մասին, ըսելով որ ան հայ արձակազէնի թիրախ դարձած էր: