Ռուսիոյ Քրասնոտար շրջանի հայութեան՝ Սուրիոյ հայ համայնքին համար ուղարկած մարդասիրական օգնութեան բեռը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անմիջական օժանդակութեամբ հասաւ Հալէպ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Քրասնոտարի հայ համայնքին կողմէ Սուրիոյ հայ համայնքին համար հաւաքագրուած շուրջ 80 թոն մարդասիրական օգնութեան բեռը հասաւ քաղաք Հալէպ:
Յառաջիկայ օրերուն անիկա պիտի բաժանուի հայ համայնքին եւ Հալէպի բնակչութեան: