ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պրաթիսլաւայի մէջ, ԵԱՀԿի նախարարական 26րդ համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցող արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 6 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ:
Անդրադառնալով երկկողմանի համագործակցութեան ընդարձակ օրակարգին՝ Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆիլիփ Ռիքըր միտքեր փոխանակեցին հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան շրջագիծին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին եւ ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերուն մասին:
Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց ամերիկեան կողմի շարունակական աջակցութիւնը շարք մը ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու:
Ժողովականները միտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿի նախարարական համաժողովի օրակարգային հարցերու շուրջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը հարցերու:
Նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆիլիփ Ռիկեր կարծիքներ փոխանակեցին Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ 4 Դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ անկէ ետք ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն յայտարարութեան շուրջ: Այդ ծիրին մէջ, զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին խաղաղութեան նպաստաւոր միջավայրի ձեւաւորումը՝ զինադադարի դրութեան պահպանման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման միջոցով: