ՓԸՐԹ, Աւստրալիա.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արեւմտեան Աւստրալիոյ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւոր Փիթեր Քաթսամպանիս խորհրդարանի նիստին ընթացքին բաձրացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Քաթսամպանիս ըսած է, որ «երբեք պէտք չէ մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին ի գործ դրուած վայրագութիւնները, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնները», կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է Քաթսամպանիսին՝ իր ելոյթին համար: