ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող Ընկերային սպասարկութիւններու բաժանմունքը, համայնքին ցուցաբերած առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ, Գոհաբանութեան տօնին առիթով կրցաւ աւելի քան 300 կարիքաւոր ընտանիքներու ճաշեր եւ այլ կենսական աջակցութիւններ տրամադրել։
Աշխատանքը համակարգող Դալար Արթինեան կը յայտնէ, թէ այս նախաձեռնութեան մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են շրջանին մէջ գործող ՀՕՄի մասնաճիւղերը, վարժարանները, եկեղեցիները, պետական պաշտօնատարներու գրասենեակները եւ անհատ նուիրատուներ։
Այս տարի եւս, տէր եւ տիկին Շահապ եւ Նատիա Շամսիներուն հովանաւորութեամբ, ՀՕՄի Շր-ջանային վարչութեան կեդրոնին մէջ Նոյեմբեր 26ին տեղի ունեցաւ 150 սառած հնդկահաւերու բաժանումը կարիքաւոր ընտանքիներու, մասնակցութեամբ Շամսի ընտանիքի անդամներուն։
Նոյն օրը, Շամլեան վարժարանի աշակերտներուն ջանքերով, չորս ընտանիքներու ամբողջական ճաշերու համար բաւարար ուտեստեղէն եւս նուիրուեցաւ։
Նոյեմբեր 23ին եւ 25ին, շրջանի ՀՕՄը իր մասնակցութիւնը բերաւ յաջորդաբար քոնկրեսական Ճուտի Չուիի եւ Փասատինայի քաղաքապետ Թերի Թորնըքի գրասենեակներուն կողմէ կազմակերպուող հնդկահաւերու նուիրատուութեան հաւաքներուն, իսկ Նոյեմբեր 22ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ միջոցաւ 70 ընտանիքներու հնդկահաւեր նուիրուեցան։
Այս առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած Շամլեան եւ Փիլիպոս վարժարաններուն եւ ՀՕՄի «Արազ», «Երեբունի», «Լոռի», «Մայր», «Սօսէ» եւ «Թալին» մասնաճիւղերուն եւ կը շեշտէ, թէ կարիքաւոր ընտանիքներու աջակցելու նպատակով նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել՝ դիմելով (818) 241-7533 թիւին։