ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գոհաբանութեան տօնին կայացող Հայաստան համահայկական հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքին առիթով շրջանս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները Նոյեմբեր 26ին հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ, քննարկելով հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
Արցախի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի Կրթութեան, Գիտութեան եւ մարմնակրթանքի նախարար Մարինէ Աղաբալեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի նախագահ Մարիա Մեհրանեան, իսկ ՀՅԴի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետներ Աւետիք Իզմիրլեան եւ տոքթ. Քարմէն Օհանեան, ինչպէս նաեւ Թորոս Զ. Քէչէճեան եւ Կարօ Մատէնլեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան։
Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի ներկայ կացութեան եւ խաղաղութեան գործընթացքին վերջին իրադարձութիւններուն մասին, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին, որ շարունակաբար նեցուկ կը կանգնի Արցախի, սկսելով ազատագրական պայքարի օրերէն։ Անոնք նաեւ շեշտեցին այս տարուան թելեթոնին աջակցելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա մեծապէս պիտի օգնէ հողագործութեան մարզին եւ գիւղական շրջաններու բնակիչներուն։
Իրենց կարգին, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները վստահեցուցին, որ պիտի շարունակեն զօրակցիլ Արցախի բարգաւաճման, մանրամասնութիւններ փոխանցելով յատկապէս շրջանիս ՀԵԴին կողմէ հոն իրականացուող աշխատանքներուն մասին։