ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-իրանական երկաթագիծի կառուցման ծրագիրը կեանքի կոչելու համար իրանական կողմը կ՛ուսումնասիրէ միաժամանակ երկու ծրագիր:
Իրանի մէջ հայաստանցի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց «Արաս» ազատ տնտեսական գօտիի գործադիր տնօրէն Մոհսըն Նարիման:
«Հայ-իրանական երկաթագիծի կառուցման միջոցով կը փափաքինք, որ Իրանը Հայաստանի եւ Վրաստանի միջոցով միանայ Եւրոպային։ Վստահ ենք, որ այս ծրագիրի իրագործումը տնտեսական առումով մեծ յեղափոխութիւն պիտի յառաջացնէ: Մենք տակաւին կ՛ուսումնասիրենք ծրագիրը. վստահ ենք, որ անկէ ետք պիտի անցնինք գործնական քայլերու։ Այս բոլորին լաւագոյն ապացոյցը այն է, որ վերջերս մեր ճանապարհաշինութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է իր հայ գործընկերոջ հետ եւ քննարկած ծրագիրը։ Գործնական առաջարկ դրուած է սեղանին, ըստ որուն, երկաթագիծի կառուցման 30 տոկոսը պէտք է ստանձնէ Հայաստանը, իսկ մնացած 70ը՝ Իրանը», նշեց Նարիման։
Անոր համաձայն՝ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար կը պահանջուին երկու երկիրներու միացեալ ջանքերը եւ անհրաժեշտ է նպաստել անոնց տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդման: