ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները 17-21 Նոյեմբերին այցելեցին Ատրպէյճան, իսկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները՝ Հայաստան եւ Արցախ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան՝ պատասխանելով լրագրողներու կողմէ ուղղուած փոխանակման ծրագիրի վերաբերեալ հարցումին:
Ըստ անոր՝ ծրագիրը նախապատրաստուած եւ կեանքի կոչուած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի համակարգումով եւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի համապատասխան նախարարութեանց ներգրաւումով։
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ դիտել տալով, որ Նոյեմբեր 20-21ին Արցախ կատարուած այցելութեան ծիրին մէջ ատրպէյճանցի լրագրողները շրջագայած են Գանձասարի վանական համալիրին մէջ, այցելած են Շուշի, «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարան, երկրաբանութեան եւ կերպարուեստի պետական թանգարաններ, ծանօթացած են քաղաքի տեսարժան վայրերուն։ Մայրաքաղաք Ստեփանակերտին մէջ լրագրողները այցելած են «Ղարաբաղ կարպետ» գորգագործական ընկերութիւն, Արցախի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կեդրոն, «Արցախբիօ» պահածոներ արտադրող ընկերութիւն, կայացած են նաեւ հանդիպումներ Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
«Այս նախաձեռնութիւնը, որը համաձայնեցուել է կողմերի հետ, անհրաժեշտ է դիտարկել որպէս փորձնական քայլ՝ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումների իրականացման շրջանակներում խաղաղ գործընթացի առաջմղման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով: Արցախեան կողմը վերջին 20 տարիների ընթացքում բազմիցս հանդէս է եկել վստահութեան ամրապնդման միջոցառումների իրականացմանն ուղղուած առաջարկութիւններով, այդ թւում՝ լրագրողների փոխայցերի վերաբերեալ», դիտել տուաւ նախարարութիւնը։
«Սփութնիք Արմէնիա» կը գրէ, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի լրագրողներուն հետ նախատեսուած հանդիպումները եղած են «հայելային»՝ երկու կողմի լրագրողները հանդիպումներ ունեցած են հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, լրագրողներու հետ, այցելած են ճատրակի դպրոց: Ատրպէյճանի լրագրողները այցելած են Արցախ, իսկ հայ լրագրողները՝ Գանձակ:
Ատրպէյճան գացած են Արցախի պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի գլխաւոր մասնագէտ, Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Էդգար Էլբակեան, «Մեդիամաքս» լրատու գործակալութեան համահիմնադիր, գլխաւոր խմբագիր Դաւիթ Ալավերդեան, «Շանթ» պատկերասփիւռի ընկերութեան մեկնաբան Արտեոմ Երկանեան:
Ատրպէյճանէն Հայաստան եկած են «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Էլչին Վալիեւը, 1news.az-ի լրագրող Էլշան Ռուստամովը եւ Vestnik Kafkaza in Azerbaijan-ի թղթակից Օրհան Եոլչուեւը:
Լրագրող Էդգար Էլբակեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ տեղադրած է լուսանկար մը Պաքուի հին քաղաքէն՝ յայտնի «Աղջկայ բերդ» աշտարակին մօտէն (12րդ դար): Լուսանկարին կից ան պատմած է Ատրպէյճան կատարած տպաւորիչ ուղեւորութեան մասին՝ նշելով, որ հետաքրքրական եղած է յատկապէս վերադարձի ճանապարհը՝ Պաքուէն շոգեկառքով դէպի Գանձակ, իսկ այնտեղէն՝ ինքնաշարժով Ղազախով դէպի վրացական սահման:
Լրագրողը նշած է, որ մօտակայ օրերուն հանդէս պիտի գայ մանրամասն մամլոյ հրապարակումներով՝ անդրադառնալով այցելութեան մանրամասնութիւններուն:
«Ֆէյսպուք»ի իրենց էջերուն վրայ արդէն զիրար նշելով՝ հրապարակումներ կատարած են նաեւ Պաքու մեկնած միւս երկու լրագրողները՝ Դաւիթ Ալավերդեանն ու Արտեոմ Երկանեանը: Դաւիթ Ալավերդեան իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկար՝ Պաքուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգակատան դիմաց: Լուսանկարին մէջ երեքով են՝ ինք, Արտեոմ Երկանեանն ու Էդգար Էլբակեան:
Նշենք, որ հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողները վերջին անգամ փոխադարձ այցելութիւններ կատարած էին 2002 թուականին: