ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ուղեղը բնական ձեւով գործելու համար շարունակ պէտք ունի թթուածինի եւ սննդանիւթերու: Այս բոլորը ուղեղին կը հայթաթուին ուղեղի զարկերակներու արիւնով: Ուղեղի արեան մատակարարումը կը կատարուի երկու քնքային (carotid) եւ երկու ողնահարային (vertebral) զարկերակներով: Այս չորս զարկերակները հասնելէ ետք ուղեղ, կը բաժնուին տասնեակ մը փոքր զարկերակներու, որոնք նոյն ձեւով կը կազմեն շատ աւելի փոքր զարկերակիկներ (arteriole) եւ մազերակներ (capillaries):
Ուղեղային արիւնահոսութիւն ըսելով կը հասկնանք այն արիւնահոսութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ուղեղին մէջ եւ շուրջը:
Ուղեղային արիւնահոսութիւնը կ՛անուանուի համաձայն արիւնահոսութեան վայրին հետեւեալ դասակարգումով՝
Ա. Ներուղեղային արիւնահոսութիւն (cerebral hemorrhage), որ տեղի կ՛ունենայ ուղեղին մէջ: Ան կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով՝
ա. Ուղեղային արտաքին հարուած.
բ. Արեան գերճնշում, որ պատճառ կը դառնայ անօթներու տկարացման.
գ. Ներուղեղային զարկերակներու կարծրացում, ուր զարկերակներու պատերը կը կորսնցնեն իրենց ուժգնութիւնը եւ շուտով կը բացուին.
դ. Զարկերակներու պարկաձեւ լայնացում-լայնանք (aneurysm).
ե. Երակա-զարկերակային անբնական կազմուածք.
զ. Ուղեղի զարկերակներու ընդոծին (congenital) անբնական երեւոյթներ.
է. Ուղեղի անօթային ուռեր (hemangioma).
ը. Արիւնահոսութեան կարգ մը հիւանդութիւններ, օրինակ՝ hemophilia եւ մանգաղանման կարմիր գնդիկներու (sickle cell) սակաւարիւնութիւն.
թ. Արեան թիթեղիկներու (platelets) անբաւարարութիւն.
ժ. Ծերութիւն, որուն պատճառով ուղեղի զարկերակները կը կարծրանան, կը նեղնան եւ դիւրաբեկ կը դառնան.
ժա. Շաքարախտ եւ արեան մաղձաճարպի (cholesterol) ու եռակլիսերայտի (triglyceride) բարձրացում.
ժբ. Ուղեղի քաղցկեղ:
Ներուղեղային արիւնահոսութեամբ յառաջացած արիւնը կ՛որդեգրէ հետեւեալ երկու ընթացքներէն մէկը՝
- Արիւնը կը տարածուի ուղեղի զանազան բաժիններուն մէջյառաջացնելով տարածուն եւ զանազան աստիճանի ներուղեղային գերճնշում.
- Արիւնը կը կուտակուի ուղեղին մէջ որոշ վայր մը եւ կը կազմէ արիւնակոյտ մը, որ կը յառաջացնէ ներուղեղային տեղային գերճնշում:
Երկու պարագաներուն ալ յառաջացած ներուղեղային գերճնշումը ուղղակի կը վնասէ ուղեղի բջիջներուն եւ կը յառաջանայ ուղեղային ջրուռեցք (edema): Երկարատեւ ճնշումով ուղեղաբջիջները ամբողջութեամբ կը վնասուին եւ կրնան ոչնչանալ: Ուղեղաբջիջները կը վնասուին նաեւ զարկերակային մատակարարումի նուազումով:
Ներուղեղային արիւնահոսութեան ախտանշանները կը տարբերին՝ համաձայն անոր վայրին եւ տարողութեան: Այդ ախտանշաններն են՝
- Անակնկալ գլխացաւ, նողկանք եւ փսխունք.
- Մարմնական ցնցումներ.
- Սրունքներու եւ բազուկներու տկարութիւն, կամաւոր շարժումներու տկարացում (aprexia), վիզի անշարժութիւն, անդամալուծութիւն.
- Մարմինի որոշ մասերու մէջ անզգայութիւն, թմրութիւն եւ ասղնտուք (tingling).
- Խանգարուած խօսակցութիւն (dysarthria), անխօսութիւն (ap-hasia).
- Գրելու, կարդալու եւ հասկնալու անկարողութիւն.
- Տեսողական տկարութիւն, աչքի բիբերու բացուածքի փոփոխութիւն եւ կոպերու էջք-կախուածութիւն (drooping).
- Մէզի եւ կղկղանքի անպահութիւն (incontinence).
- Շնչառութեան դժուարութիւն.
- Համակարգումի, համադրումի (coordination) եւ մարմնի հաւասարակշռութեան կորուստ.
- Արթնութեան նուազում, մտածելու եւ յիշելու դժուարութիւն.
- Մթագնութիւն, անգիտակցութիւն (unconciousness).
- Ուղեղային կաթուած (stroke).
Բ. Ուղեղապատեանային արիւնահոսութիւն (meningeal hemorrhage).
Ուղեղապատեանային արիւնահոսութիւնը տեղի կ՛ունենայ ուղեղապատեանի (meninx) երեք շերտերուն մէջ: Այս երեք շերտերը կը կոչուին՝
ա. Նրբենի (pia mater), որ շերտերուն առաջինն է եւ անմիջական կապակցութիւն ունի ուղեղին հետ.
բ. Ոստայնենի (arachnoid), որ շերտերուն երկրորդն է.
գ. Կարծրենի (dura mater), որ շերտերուն երրորդն է եւ անմիջական կապակցութիւն ունի գանկին հետ:
Ուղեղապատեանային արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի երեք ձեւերով՝
ա. Ենթա-ոստայնենիի արիւնահոսութիւն (subarachnoid hemorrhage), որ տեղի կ՛ունենայ ուղեղապատեանի առաջին շերտի՝ նրբենիի եւ երկրորդ շերտի՝ ոստայնենիի միջեւ: Անոր հիմնական ախտապատճառը զարկերակի պարկաձեւ լայնացումն է, որ ուղեղային արտաքին հարուածով շուտով կը վիրաւորուի եւ կը բացուի:
Ենթա-ոստայնենիի արիւնահոսութեան ախտանշաններէն են՝ անակնկալ եւ ուժգին գլխացաւ, նողկանք եւ փսխունք, լոյսի անհանդուրժողութիւն, վիզի անշարժութիւն եւ գիտակցութեան կորուստ:
Վերոյիշեալ ախտանշանները կը յայտնուին երկու ձեւերով՝ անակնկալօրէն եւ սուր տարողութեամբ եւ կամ դանդաղօրէն ու յարաճուն ընթացքով: Սուր եւ անակնկալ ախտանշանները կրնան ըլլալ ահազանգային, վտանգաւոր եւ մահացու:
Ենթա-ոստայնենիի արիւնահոսութեամբ կրնան յառաջանալ հետեւեալ բարդութիւնները՝ ուղեղապատեանի բորբոքում (meningitis) եւ ներուղեղային ճնշումի բարձրացում:
բ. Ենթակարծրենիի արիւնահոսութիւն (subdural), որ տեղի կ՛ունենայ ուղեղապատեանի եւ երկրորդ շերտի՝ ոստայնենիի եւ երրորդ շերտի՝ կարծրենիի միջեւ: Ան տեղի կ՛ունենայ ընդհանրապէս գլխուն մէկ կողմի արտաքին հարուածով, որ պատճառ կը դառնայ զարկերակներու վիրաւորուելուն եւ բացուելուն: Արիւնահոսութեամբ կը կազմուի արիւնակոյտ, որ կը ճնշէ ուղեղին վրայ եւ կը յառաջացնէ զանազան ախտանշաններ:
Այս ախտանշաններուն կարեւորագոյններն են՝ գլխացաւ, սրունքներու միակողմանի տկարութիւն, աչքի բիբի լայնացում եւ անշարժութիւն (fixed), ակնագունդի (eyeball) դէպի վար եւ դուրս թեքում, տեսողութեան տկարութիւն, շնչառութեան դժուարութիւն եւ կամ կանգառ (arrest), մթագնութիւն եւ անգիտակցութիւն:
գ. Արտա-կարծրենիի արիւնահոսութիւն (epidural), որ տեղի կ՛ունենայ գանկի եւ ուղեղապատեանի երրորդ շերտի՝ կարծրենիի միջեւ: Ան կը յառաջանայ ընդհանրապէս արտաքին հարուածի մը հետեւանքով: Արիւնահոսութիւնը երակային է եւ հետեւաբար ոչ ուժգին: Նոյնիսկ թեթեւ հարուած մը կրնայ յառաջացնել արտակարծրենիի արիւնահոսութիւն, որ կը ճնշէ ուղեղին վրայ, եւ կը զարգանան հետեւեալ ախտանշանները՝ գլխացաւ, գլխապտոյտ, նողկանք եւ փսխունք. քալելու դժուարութիւն կամ անկարողութիւն, խօսելու դժուարութիւն, կակազում, լսողութեան տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն, պղտոր տեսողութիւն, ակնագունդի անբնական շարժումներ, մկանային ցնցումներ եւ անզգայութիւն, շուարած վիճակ, ջղագրգռութիւն եւ գիտակցութեան կորուստ:
Վերոյիշեալ ախտանշանները կը յայտնուին երկու ձեւերով՝ անակնկալ եւ սուր կամ դանդաղ ու յառաջընթաց: Անակնկալ եւ սուր ախտանշաններով կացութիւնը կրնայ շատ վտանգաւոր եւ մահացու ըլլալ:
Բոլոր տեսակի ուղեղային արիւնահոսութիւններու ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացքով՝
- Լսել հիւանդին պատմականը եւ իմանալ ախտանշաններուն զարգացման ընթացքը.
- Կատարել մանրակրկիտ բժշ-կական քննութիւն.
- Կատարել ուղեղի համակարգչային սերտագրական (CT Scan) եւ մագնիսարձագանգային (MRI) եւ անդրձայնային (ultrasound) նկարումներ.
- Կատարել ողնուղեղային գօտկային ծակում (lumbar puncture)՝ կատարելու համար ողնուղեղային հեղուկի քննութիւն.
- Կատարել զարկերակային գունաւոր նկարահանում (angiography):
Ուղեղային արիւնահոսութեան դարմանումը կը կեդրոնանայ հետեւեալ կէտերուն վրայ՝ փրկել հիւանդին կեանքը կատարելով շտապ միջոցառումներ:
Այս միջոցառումները կը միտին՝ նուազեցնել ուղեղի ուռածութիւնը, կասեցնել արիւնահոսումը, նուազեցնել ներուղեղային ճնշումը, կանոնաւորել շնչառութիւնը եւ սրտի զարկը ու մեղմացնել կամ անհետացնել ախտանշանները: Շտապ օգնութենէն ետք եւ փրկելէ ետք հիւանդին կեանքը, կը դարմանուին ախտապատճառներն ու բարդութիւնները:
Կարելի՞ է կանխարգիլել ուղեղի արիւնահոսութիւնը՝ այո՛, ուշադիր ըլլալով հետեւեալ ցուցմունքներուն՝
- Կանոնաւորել արեան գերճնշումը, մաղձաճարպը (cholesterol) եւ շաքարը.
- Բնաւ չծխել, քոքային չգործածել.
- Գանկային եւ ուղեղային հարուած-վնասներու ենթակայ չըլլալ.
- Արիւնահոսութիւնը արգիլող դեղերը շատ զգուշութեամբ գործածել.
- Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի՝ ածխաջրատները (carbohydrates) եւ ճարպային սննդանիւթերը նուազագոյնի իջեցնել.
- Շաքարախտաւորներու պարագային՝ գործադրել բժիշկին թելադրութիւնները եւ օրինաւոր ձեւով գործածել դեղերը: