ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական հինգ երկիրներ ՄԱԿի մէջ քննադատեցին պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ կառուցուած իսրայէլեան ապօրինի բնակավայրերը միջազգային օրէնքին դէմ չնկատող Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը։
Ֆրանսա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Պելճիքա եւ Լեհաստան միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերուն վրայ, ներառեալ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, իսրայէլեան բնակեցման քաղաքականութեան նկատմամբ մեր կեցուածքը յստակ է եւ չէ փոխուած: Բնակեցման ամէն գործունէութիւն միջազգային օրէնքին համաձայն ապօրինի է եւ կ՛ականահարէ «երկու պետութիւններ»ու լուծումն ու յարատեւ խաղաղութեան հեռանկարը», դարձեալ Իսրայէլին կոչ ընելով, որ դադրեցնէ «բնակեցման բոլոր աշխատանքները»:
Միւս կողմէ, Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասլպոռն Եւրոմիութեան կոչ ուղղեց հակադարձելու ամերիկեան ինքնագլուխ քայլին՝ ճանչնալով Պաղեստինի պետութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ նման քայլ մը Իսրայէլի դէմ ըլլալ չի նշանակեր, այլ՝ «երկու պետութիւններ»ու լուծումին ճամբան կը հարթէ: