ՏՈՒՊԱՅ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, անդրադառնալով վերջին օրերու իրադարձութիւններուն, յայտարարեց, որ երկիրը յաջողութեամբ շրջանցած է տագնապը, հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը «յաղթական դուրս եկաւ պատմական նոր քննութենէ մը»:
«Իրանցիները երկրին թշնամիներուն պատրուակ չտուին երկրին կայունութիւնը հարուածելու։ Ցոյցերու ընթացքին տեղի ունեցած անկարգութիւնները շրջանային յետադիմական երկիրներու, Իսրայէլի եւ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը կը վայելէին», նշեց Իրանի նախագահը: