ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հեռուստատեսիլի լրատուական ժամերը, ըլլան անոնք հայկական թէ ամերիկեան, զանազան բացատրութիւններով ու մեկնաբանութիւններով մտիկ ընելէ վերջ, անոնց լաւն ու վատը, ճիշդն ու սխալը ուղեղիս մէջ իրար անցած՝ պահ մը ինքզինքս այդ բոլորէն անջատելու մտահոգութեամբ, կոճակի պզտիկ հպումով մը անմիջապէս կ՛անցնիմ ժողովրդական երգ-պարով լեցուն այն յայտագիրին, ուր հանդիսավարը կարծես «համով պատառը» վերջաւորութեան ձգած, խօսքի ուրախ կշռոյթով մը՝ «Իսկ հիմա, ձեզի պիտի ներկայացնենք «Ծափ» պարը», ըսաւ:
Նո՞ր է այդ պարը, կը մտածեմ ու անմիջապէս կը փոխադրուիմ ծննդավայր՝ Հալէպ, կը հասնիմ Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, կը բարձրանամ անոր երկրորդ յարկը, հոն, ուր տարինե՜ր առաջ, Հայկազեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսներուն՝ հայկական, արաբական, իտալական ու ռուսական պարերու կողքին, «Գաւազաններու պար», «Սուրերու պար», «Կողովներու պար» ու «Հովանոցներու պար» անունին տակ, իւրաքանչիւրս իր կարողութեան համաձայն կամ իրեն շնորհուած ձիրքերով տեսակ-տեսակ պարեր պարած էինք. այս պարն ալ անոնց մէկ տարբերա՞կն է, կը մտածեմ, ու անհամբեր, վայրկեան առաջ զայն դիտելու մեծ հետաքրքրութեամբ, քիչ մըն ալ անցեալս վերապրելու կարօտով նստուածքս կը շտկեմ, ականջներս կը լարեմ ու նայուածքս հեռուստատեսիլի պաստառին ուղղած կը մնամ մինչեւ այն ատեն, երբ յանկարծ լայն-լայն բացուած աչքերով, նորութիւն մը տեսնելու խանդավառութիւնս քանդուած՝ ի՜նչ տեսնեմ…
Մանկութեանս օրերէն ի վեր, իրեն յատուկ եղանակով ու շարժուձեւերով, ինծի համար այնքան հարազատ դարձած պարն էր, որ ներկայացուեցաւ. պար, որ գրեթէ ամէն ուրախ առիթի մեր տան մէջ, հայր ու հօրեղբայր, ազգական ու բարեկամ դէմ-դէմի անցած, թռիչք-ցատկով մը մերթ ընդ մերթ իրարու ափերուն մէջ զօրաւոր հարուածներ տալով, իրենց ոտքին տակ գետինն անգամ ցնցելով, դիտողին մէջ ոյժ, կամք ու կորով ներշնչած՝ տան չորս կողմը պտտուելով կը պարէին: Պար, որուն իսկական անունը «Եարխուշտա» է. հաստատ գիտեմ. պար, որ ամբողջ կեանք մը միտքիս մէջ դրոշմուած մնալով՝ հետս մեծցաւ, անկախ որ մէկ անգամ չեմ պարած զայն, բայց բախտը ունեցած եմ դիտելու ուրիշներունը, ըլլան անոնք հարազատներ թէ բարեկամներ, կամ նոյնիսկ մեծեր, ինչպես 1983ին ծնունդ առած «Մարաթուկ» ազգագրական երգ ու պարի համոյթի ղեկավար Մկրտիչ Սարգիսեանի՝ Մգրոյի, ու օրին՝ անոր անդամներէն շատ երիտասարդ Ներսիկ Իսպիրեանի պարելը, հասնիմ այն եզրակացութեան, որ հերոսամարտէ ծնունդ առած ռազմական այդ պարը, ամուր կազմուածքի մէջ հաստ-հաստ բազուկներ ունեցող տղամարդու պար է միա՛յն: Ի զուր չէր, որ հայրս՝ «Էդ պար աղջկայ պար չի. աղջկտիք թող պարին «Փափուրին», թող պարին «Մշոյ գորանին» ու գլխու ժխտական շարժումով մը՝ «Եարխուշտան իրանց գործը չի», համոզուած կ՛ըսէր ու զինք լսողն ալ կը համոզէր: Հօրմէս ինծի այսքանը փոխանցուած, տակաւին շատ լաւ գիտեմ, որ մեր պատմութեան ու գրականութեան էջերուն վկայութեամբ, ազգագրական պարերու «պարպաշին» եղած է ան, է՛ր ու պիտի մնայ տակաւին: Չէ՞որ Գէորգ Էմին անոր մասին ըսած է. «Պարեց Սասունն ու ողջ աշխարհը հիացաւ»։ Իսկ վերջերս, մեծն Լոս Անճելըսի մէջ, առաջին իր այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ «Եարխուշտան Հայաստան է», ըսաւ:
Նման ճանաչում ունեցող պարի անունը հանդիսավար մը ինչպէ՞ս կրնայ մոռնալ կամ զայն ուրիշ անունով մը շփոթել, չեմ գիտեր, բայց շատ լաւ գիտեմ, որ սխալը կրկնուելով, օր մըն ալ շատ դիւրութեամբ ճիշդի կրնայ վերածուիլ… Ու այդ մտավախութեան առջեւ, ներքին մղումով մը անզգալաբար հեռուստատեսիլի պաստառէն կը հեռանամ ու տան երկայնքին ու լայնքին երթալ-գալով բան մը ընելու կամ ըսելու մտահոգութեամբ, հանդիսավարին հեռաձայնել որոշեցի, բայց ո՛չ, իրմէ առաջ, հեռուստատեսիլի տնօրէնութենէն աւելի, վերահսկիչները պատասխանատու գտած՝ բայց ոչինչ ընելով այդ գաղափարէն անմիջապէս հրաժարեցայ, թոյլ տալով, որ նեղութիւն մը բաւական ատեն միտքիս մէկ անկիւնը տեղ գրաւէ ու շարունակէ մնալ հոն, մինչեւ այն օրը, երբ երիտասարդ երգիչ Սեւակ Ամրոյեանը, ռանչպարներու կերպարով քանի մը տղոց հետ, երգեց նոր տեսահոլովակով մը.
«Առաւօտուն ելլենք սարը,
Բռնինք պարը,
Եարխուշտա՜»։
Երգեց ու գիտցողին ուրտեղե՜ր հասցուց, ինչե՜ր յիշեցուց, իսկ չգիտցողին սորվեցուց, որ այդ պարին անունը «Ծափ» պար չէ, այլ՝ «Եարխուշտա» է:
Ու այսպէս, ոչինչ ըրած, բայց ուրիշին գործը գնահատելով՝ տեսահոլովակի վերջաւորութեան՝ «Ապրի՛ս, Սեւակ» ըսած, ինքզինքս գոհ ու բաւարարուած զգացի, անկախ այն մտավախութենէն, որ մեր երկրորդ յատկանշանական «Կովանտ» պարն ալ, օր մը զայն նոր անունով մկրտած, ո՞վ, ի՞նչ պիտի ըսէ…
Աս գրողը մատը նոր վէրքի մը վրայ դրած է, անշուշտ կրնանք ըսել որ նոր վէրք չէ, հապա հինը մէկ նոր անունով կուգայ: Ես քիչ մը աւելի խորունկէն պիտի նայիմ աս խնդիրին: Աս պարին անունը փոխելը ուրիշ փաստ մըն է, որ նորութիւն ըսելով, մեր արմատներէն կը կտրեն մեզի եւ նոր երտասարդներուն, պատանիներուն: Մի ըսէք որ պարին անունը փոխելով ինչ կըլլայ, արմատ-մարմատ պէտք չէ խառնէնք աս հարցին: Եթէ քիչ մը չորս կողմնիս նայինք, անցեալէն կտրելու ուրիշ բաներ ալ կըլլան հիմա: Ամմէնէն աչքի զարնողը դպրոցներուն մէջ հայերէնին ստիպողական չընելու որոշումն է: Պարը մեր մշակոյթին մէկ մասն է, այսօր անունը կը փոխեն, վաղն ալ շարժումները եւ հագուստները, որովհետեւ իրականը սորվող չիպիտի մնայ: Հայաստանէն դուրսն ալ աս հարցը կայ, անոր մասին շատ չենք սիրեր խօսելու: