ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 6 Նոյեմբերի իրիկունը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի Նախկին սանուց միութեան կազմակերպութեամբ եւ յատուկ հրաւէրով տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Սեւրի վարժարանի իրավիճակը եւ ապագայ հեռանկարները: Խուռներամ բազմութիւն մը համախմբուած էր սրահին մէջ, Միութեան անդամներ, համակիրներ եւ համայնքային պատասխանատուներ: Այս թղթածրարին կնճռոտ ծալքերը փարիզահայութեան եւ այս հարցով մտահոգ մեր հայրենակիցներու ուշադրութեան առարկան է: Այս առթիւ բեմէն խօսք առին Հօ-տը-Սենի Շրջանային խորհուրդի նախագահ, Մխիթարեանի նախկին սաներէն Փաթրիք Տէվէճեան, վարժարանը տնօրինող ընկերակցութեան փաստաբան Փաթրիք Գասպարեան, ընկերակցութեան անդամ Ռընէ Ծակոյեան, նախատեսուած էր Ալէն Մարսըրուի ներկայութիւնը, բայց ան բացակայ էր, Լեւոն Փափազեան (վարժարանին երկօրեայ դասընթացքներուն ծնողական խորհուրդի նախկին նախագահ), Հրանդ Քիւրքճեան, որ երեկոյթին կը ներկայացնէր Նախկին սանուց միութիւնը եւ Արա Գրիգորեան, որ բացման խօսքը կատարեց եւ իբրեւ հաղորդավար ղեկավարեց երեկոյթը:
Արդէն անցեալ Օգոստոսէն սկսեալ թէ՛ մամուլին մէջ, թէ՛ ընկերային ցանցերու վրայ զանազան լուրեր շրջեցան Սեւրի վարժարանի ապագային մասին: Անպաշտպան եւ անխնամ վիճակի մէջ, վերջերս, անիկա դարձեալ աւազակներու կողմէ թալանի եւ աւերի ենթարկուած էր: Ոստիկանութեան կողմէ Սեւրի Մխիթարեան տարածքը ամբողջութեամբ փակ է հանրային օգտագործման: Պէտք է փրկութեան կայուն լուծում մը գտնել: Անցեալին, այս կացութենէն դուրս ելլելու զանազան ելքեր առաջարկուած են, բայց բոլորն ալ մնացած են թուղթի վրայ եւ չեն իրագործուած:
Հետեւաբար, Մխիթարեան նախկին սանուց միութիւնը եւ Սեւրի վարժարանը տնօրինող ընկերակցութիւնը միասնաբար որոշեցին կազմակերպել այս հանդիպումը, զեկուցելու համար այն շինարարական ծրագիրին մասին, որ Լեւոն արք. Զէքիեանի կողմէ առաջարկուած է, որուն համաձայն Մխիթարեան վարժարանի շրջափակէն բաւական մեծ բաժին մը պիտի յատկացուէր բնակարանաշինութեան՝ «Պույիկ» ընկերութեան կողմէ, որուն դիմաց Մխիթարեանի տնօրէնութիւնը պիտի ստանար որոշ գումար մը եւ պիտի վերանորոգուէին պատմամշակութային արժէք ներկայացնող վարժարանի շէնքերը եւ որոնք ամբողջովին պիտի մնային Մխիթարեաններու սեփականութիւնը:
Ռընէ Ծակոյեան խօսեցաւ վարժարանը տնօրինող ընկերակցութեան անունով տեղի ունեցած զանազան հանդիպումներուն եւ տրուած որոշումներուն մասին: Ան պատմականը ըրաւ ա՛յն որոշումին, որ ընդունուած եւ յայտարարուած էր Զէքիեան սրբազանին կողմէ: Ծակոյեան ըսաւ, թէ այդ ծրագիրը անընդունելի է երեք հիմնական պատճառներով.
Առաջին՝ տրուած որոշումը իրաւական հիմք չունի, որովհետեւ չեն յարգուած Սեւրի վարժարանը տնօրինող ընկերակցութեան կանոնադրութեան տրամադրութիւնները: Այդ որոշումները վաւերական չեն, որովհետեւ Զէքիեան սրբազանը անդամ չէ վարժարանը տնօրինող ընկերակցութեան եւ վարչութեան ու նկատի ունենալով, որ ընկերակցութեան ընդհանուր ժողովը նման որոշում չէ տուած, այդ ծրագիրը անօրինական կը հռչակուի:
Երկրորդ՝ Սեւրի քաղաքապետարանը չ՛ընդունիր, որ այդ հողամասին վրայ կառուցուին ընկերային յարկաբաժիններ (HLM):
Երրորդ՝ այդ հողամասը պատմամշակութային արժէք ներկայացնելով՝ պետութիւնը չի թոյլատրեր որ հոն բնակարանային շինարարութիւն կատարուի:
Աւելի՛ն, ներկայացուած ծրագիրը բոլորովին աննպաստ է Մխիթարեան միաբանութեան եւ Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին, որովհետեւ գործարքին դիմաց տրուելիք գումարը անբաւարար է, որպէսզի կարելի ըլլայ այլ գործունէութիւն ծաւալել նոյն հողաշերտին վրայ: Ծակոյեան նաեւ ընդգծեց վայրին նշանակութիւնը, զոր անուանեց Ոսկէ եռանկիւն (Triangle d՛or), նկատի ունենալով, որ հողին ճիշդ դիմացը Սենի ափին կառուցուած է Ֆրանսայի լաւագոյն համանուագային (symphonique) համերգասրահը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Փաթրիք Տէվէճեան, որ երկրորդելով Ռընէ Ծակոյեանի ըսածները՝ ընդգծեց, թէ իրենք պիտի վերադառնան հողամասին վրայ յիշողութեան վայր մը ստեղծելու ծրագիրին եւ անոր համար դիմած են Ռեմոն Գէորգեանին, որպէսզի ուսումնասիրէ կարելիութիւնը նման կեդրոն մը ստեղծելու, յար ու նման Հրեաներուն, որոնք Փարիզի սիրտին մէջ (Marais) հիմնած են իրենց յիշողութեան իւրայատուկ կեդրոնը: Այնտեղ հաւաքավայրը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակներուն՝ իրեր, նամակներ, տեսագրութիւններ, փաստագրական նիւթեր, որոնք հայ ժողովուրդի ինքնութեան մաս կը կազմեն: Տէվէճեան բացէ ի բաց կոչ ուղղեց՝ ըսելով, թէ պէտք է ստեղծել հիմնադրամ մը եւ հանրային հանգանակութիւն ու մեծ ներդրումներ կատարել, որպէսզի այդ վայրը մնայ միաբանութեան, իմա՝ հայութեան սեփականութիւնը:
Յիշողութեան կեդրոնին կողքին այդ վայրը կրնայ ծառայել նաեւ հայեցի կրթութեան՝ հայերէնի դասընթացքներ եւ մշակութային ծրագիրներ իրագործելով: Ան շեշտեց, որ այս կառոյցը մեծ հաւանականութեամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար անընդունելի պիտի ըլլայ, բայց յամենայն դէպս ժխտողականութիւնն ալ հայութեան համար անընդունելի է: «Ատիկա հարուած մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքին», ըսաւ Տէվէճեան՝ աւելցնելով որ այս երեւոյթը նաեւ քաղաքական քայլ մը կը սեպուի:
Փաստաբան Փաթրիք Գասպարեան ինք եւս ընդգծեց զանազան իրաւական դրոյթներ, որոնց հիման վրայ անկարելի էր որ «Պույիկ»ի կողմէ առաջադրուած բնակարանային ծրագիրը իրագործուէր: Արդէն, ընկերակցութեան անհամաձայնութիւնը արտայայտող պաշտօնական նամակ մը ուղղուած է շինարարական ընկերութեան:
Ապա դարձեալ խօսք առնելով՝ Փաթրիք Տէվէճեան յիշեցուց, թէ իրենց նախաձեռնութիւնը բնաւ հակառակութիւն չէ միաբանութեան եւ ոչ ալ՝ Զէքիեան սրբազանին: Իրենք պատրաստ են նստելու սեղանի շուրջ եւ միասնական ոյժերով համաձայնութիւն գոյացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս ելլել այս անել կացութենէն:
Ներկաներուն մօտ շատ մեծ էին հարցադրումները: Յատկապէս կարեւոր էր Վալանսի դպրոցաշինութեան ընկերակցութեան նախագահ Համբիկ Յովսէփեանի խօսքը. ան ըսաւ, թէ ինք կողմ ըլլալով հանդերձ Ցեղասպանութեան յիշողութեան կեդրոն մը ստեղծելու գաղափարին, դէպի ապագան նայելով՝ պիտի ուզէր հոն կառուցուած վարժարան մը տեսնել, որուն այնքա՜ն շատ կարիքը ունի հայ համայնքը: Դպրոցը կրկնակի իմաստ պիտի ունենայ թէ՛ նոր սերունդ պատրաստելու եւ թէ հայոց լեզուն ու մշակոյթը պաշտպանելու առումով, որ կը նշանակէ նաեւ պահպանել յիշողութիւնը: Նոյն բովանդակութեամբ արտայայտուողները բաւական շատ էին:
Երեկոյթին աւարտին յաջորդաբար հանդիպելու, հանգանակութեան մասնակցելու եւ Նախկին սանուց միութեան անդամագրուելու կոչեր եղան, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել նախնական ծախսերը, այսինքն պաշտպանել այսօրուան դրութեամբ անպաշտպան վարժարանը, որ յաճախ յարձակումներու թիրախ կը դառնայ: Ըսուեցաւ, թէ ապահովութեան գետնի վրայ կարելի է տեսախցիկներ տեղադրելով՝ պաշտպանելի դարձնել վարժարանը:
Զրոյցները շարունակուեցան մինչեւ ուշ ժամեր, հիւրասիրութեան մը շուրջ:
Աւելցնենք, որ Լեւոն արք. Զէքիեան, իր կարգին, Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Սեւրի վարժարանին մէջ տեղեկատուական ժողով մը կազմակերպեց: