ԱՆԳԱՐԱ, «Սի.Պի.Էս.».- Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերին, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկար բանակցութիւններէ ետք, Միացեալ Նահանգները որոշած է ընդունիլ Թուրքիայէն արտաքսուած ամերիկահպատակ ահաբեկիչ մը, որ կ՛ամբաստանուի «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան անդամ ըլլալու յանցանքով։ Ան յորդանանեան արմատներ ունի։
Նշենք, որ Յունաստան չէր ընդունած Թուրքիոյ կողմէ Երկուշաբթի օր Յունաստան արտաքսուած 39ամեայ ամերիկացի ահաբեկիչը, որմէ ետք Թուրքիա եւս մերժեց ետ ընդունիլ ենթական, որ ցարդ կը մնայ երկու պետութիւններուն սահմանին վրայ գտնուող չէզոք գօտիին մէջ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թուրքիա սկսած է արտասահմանցի ահաբեկիչներու արտաքսումը եւ ցարդ արտաքսուած են ամերիկացի, գերմանացի եւ դանիացի ահաբեկիչներ:
Յատկանշական է, որ Ուաշինկթըն ցարդ այս մասին յայտարարութիւն չէ կատարած։