ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային մամուլը կը շարունակէ բարձր գնահատականներ տալ Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան եւ բարեփոխումներուն։
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ հրապարակելով «ՆԵԶՏԵՔ»ի կայքին վրայ հրապարակուած յօդուածը Հայաստանի տնտեսական բարեփոխումներուն մասին:
«Քաղաքական նոր իմիջի (պատկերի-Խմբ.) կողքին ձեւաւորւում է մեր երկրի տնտեսական նոր իմիջը՝ Հայաստանը ի ցոյց դնելով որպէս ներդրումների համար գրաւիչ երկիր, որով հետաքրքրուած են միջազգային ներդրողները», գրած է Փաշինեան:
«Տնտեսական Բարեփոխումները Հայաստանը Դարձուցած Են Առաւել Մեծ Ներդրողներու Ռատար Մը» վերնագիրը կրող յօդուածին մէջ նշուած է, որ նախորդ տարի խաղաղ բողոքի ցոյցերուն իբրեւ արդիւնք՝ ստեղծուեցաւ բարեփոխումներու կառավարութիւն, որուն շնորհիւ Հայաստանի տնտեսութիւնը շատ աւելի արագ կ՛աճի, քան անոր հարեւան՝ նաւթով հարուստ տնտեսութեամբ Ատրպէյճանինը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ ներդրողներուն պատրաստակամութիւնը՝ վարկեր տրամադրելու Հայաստանին:
«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը մշակած է բարեփոխումներու ծրագիր մը, որ ուղղուած է Հայաստանի կառոյցներուն եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, գործարար միջավայրի բարելաւման եւ փտածութեան դէմ պայքարին», կը նշէ յօդուածագիրը։