ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անգարայի մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիան մեղադրեց Սուրիոյ հարցով Սոչիի մէջ ստորագրուած յուշագիրի կէտերէն մէկը չկատարելու յանցանքով՝ պնդելով, որ հակառակ Մոսկուայի պնդումներուն՝ Սուրիոյի հիւսիսային շրջաններուն մէջ ստեղծուելիք «ապահով գօտի»ի տարածքէն քրտական բոլոր ուժերը դուրս չեն մղուած:
Ըստ Էրտողանի պնդումներուն՝ քրտական ուժերը կը մնան Սուրիոյ Մընպեճ եւ Թել Ռըֆաթ քաղաքներուն մէջ:
Միջանկեալ նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահի խորհրդական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, թէ Էրտողան Վլատիմիր Փութինի հետ Սուրիոյ հարցով հեռաձայնային զրոյց մը ունենալու փափաք յայտնած է։