ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Պատրաստւում եմ այն արկղերը, որ երէկ բերել էին, լցնել տասնեակ եւ շատ աւելի քրէական գործերով, որոնք վերաբերում են այս ոլորտին եւ հետ ուղարկել իրենց», սպառնաց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը՝ 7 Նոյեմբերի կառավարութեան նիստէն ետք ճեպազրոյցին ընթացքին անդրադառնալով ՀՅԴ ՀԵՄի ցուցարարներուն՝ նախարարին իրերը հաւաքելու եւ հեռանալու նպատակով տարած արկղերուն:
Հակազդելով լրագրողներու տարակուսանքին, որ՝ եթէ Արայիկ Յարութիւնեան տեղեակ է քրէական գործերուն մասին, ինչո՞ւ չի հրապարակեր զանոնք, նախարարը ետքայլ կատարեց՝ արդարանալով, որ ատիկա իրենց գործառոյթը չէ եւ խնդրած է դատախազութեան ու Քննչական կոմիտէին՝ տրամադրելու քրէական գործերու ցանկեր, որպէսզի իր իրերը հաւաքելու համար բերուած արկղերը լեցնէ անոնցմով ու վերադարձնէ:
Ան ըսաւ, որ խօսքը Լեւոն Մկրտչեանի մասին չէ, այլ անոնց համակարգին, ապա յստակեցուց սպառնալիքը. «Մէկուկէս տարի անդրադարձ չեմ կատարել իմ նախորդի՝ Լեւոն Մկրտչեանի գործունէութեանը՝ մտածելով, որ դա աւելորդ ժամանակ է ինձնից խլում, բայց ձեռնամուխ կը լինեմ դրան»:
Անդրադառնալով հրաժարականի պահանջքին, Արայիկ Յարութիւնեան ըսաւ. «Ես պատրաստ եմ հրաժարական տալու այն ժամանակ, երբ կարծեմ, որ իմ լիազօրութիւնները բաւարար չեմ կատարում»:
Արայիկ նաեւ ինքն իրեն իրաւունք վերապահեց խրատ տալու «ոչ-հայաստանցի Դասշնակցութեանը, իրենց ղեկավարներին, որպէսզի տէր կանգնեն իրենց կուսակցութեանը, որովհետեւ այն անդաստիարակ պահուածքը որ դրսեւորում է Դաշնակցութիւնը պատիւ չի բերում մեր ամենահին կուսակցութիւններից մէկին», եւ «ես կարծում եմ որ Դաշնակցութիւնը յատկապէս նախորդ տարուայ իրադարձութիւններից յետոյ ա՛յլ կեցուածք պէտք է դրսեւորէր, եւ նախ՝ հասկանար թէ ինչո՛ւ մերժուեց հասարակութեան կողմից, եւ երկրորդը՝ փոխէր անձերին, որովհետեւ նրանք տապալում են Դաշնակցութեանը եւ շարունակում են տապալել է՛ն գործողութիւնները որ հիմա տեղի են ունենում, միայն բացասաբար են»:
Պռավօ՛ Արայիկին:
«Կարմիր քարտ»ը ինչո՞ւ կ’ուշանայ…: