ԵՐԵՒԱՆ.- «NewArmenia.am»ը հարցազրոյց կատարեց ՀՅԴի անդամ Ռուզան Առաքելեանի հետ՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին մասին:
Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ այս ճանաչումը արդեօք աշխարհին կողմէ կրկին օրակարգի նիւթ կը դարձնէ՞ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ Առաքելեան ըսաւ. «Իսկապէս երկար տարիներ սպասուած լուր է սա, անշուշտ Հայ Դատի գրասենեակներն իրենց ներդրումն ունեցան եւ, կարելի է ասել, մեծամասամբ նրանց աշխատանքի արդիւնքն էր: Բաւականին մեծ պայքարի արդիւնքում ենք մենք հասել նման յաղթանակի, սակայն չպէտք է մտածել, որ սա բաւարար է, եւ հարցը լուծուած է: Ի վերջոյ, մեր վերջնական նպատակը հատուցման խնդիրն է եւ պահանջատիրութիւնը: Մեր պայքարը շարունակւում է, եւ առջեւում մենք դեռ անելիքները ունենք, որոնք համայն հայութեան համախմբում են պահանջում»:
Լրագրողը դիտել տուաւ, որ, թէեւ պահանջատիրութեան մասին կը խօսուի, սակայն մինչեւ օրս դեռ պետական մակարդակով յստակօրէն չէ ձեւակերպուած՝ եթէ աշխարհի, նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, ի՞նչ պահանջներ կը ներկայացուին. «Այդ առումով Հայ Դատի գրասենեակներն աշխատում են իրաւաբանական տարբեր գրասենեակների հետ, եւ մենք պահանջատէր ենք մեր պատմական հայրենիքի ժառանգութեան փոխհատուցմանը, ինչպէս նաեւ՝ յիշում էք՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը խօսեց եկեղեցապատկան հողերի մասին: Այս ամէնն, ի հարկէ, հատուածական պահանջատիրութիւն է, եւ արդիւնքում Միացեալ հայրենիքի տեսլականը պէտք է ձեւակերպուի: Իսկ պետական մակարդակով, այո՛, այսօր չունենք յստակ ձեւակերպումներ, սակայն դա պէտք է դառնայ պետական առաջնահերթ մարտահրաւէր. այսօր որքան մենք պայքարենք քաղաքական, տնտեսական յաջողութիւնների համար, սակայն առանց ազգային խնդիրների լուծման, որեւէ երկիր չի կարող յաջողութիւններ ունենալ»:
Յաջորդ հարցումով լրագրողը նշեց, որ արդէն իսկ այդ գծով պետութիւնը աշխատանքի պէտք չէ՞ լծուի, այլապէս վաղը արդէն ուշ կ՛ըլլայ. Ռ. Առաքելեան, համաձայն գտնուելով, յայտնեց, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը պէտք է ազդակ ըլլայ, որ ժամանակն է այդ հարցի մասին լրջօրէն մտածելու:
Համաշխարհային մամուլի այն ազդարարութեան, որուն համաձայն, Թուրքիա կը պատրաստուի հակահարուած տալու, արդեօք ի՞նչ կանխատեսումներ կան՝ Ռուզան Առաքելեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական եւ թրքական մամուլին մէջ քանի մը տեղ նշուած է, որ Թուրքիան իբր թէ անտարբերութեամբ ընդունեց լուրը: «Ես կարծում եմ՝ դա հիստերիկ արձագանգ է, ու եթէ սառը դատեն, ապա կը հասկանան՝ եթէ աշխարհի գերտէրութիւնները նման քայլ են անում, նա չի կարող չարձագանգել»։
Լրագրողը հարցուց, որ այս հարցին մէջ ՀՅԴ Սփիւռքի կառոյցներուն դերակատարութի՞ւնը աւելի մեծ է, թէ՞ հայաստանեան կառոյցը եւս աջակցած է՝ «եթէ հաշուի առնենք, որ Հայաստանում Դաշնակցութիւնը կարծես թէ պասիւացել է»:
«Դա թիւր կարծիք է, բամբասանք է: Ճիշդ է, ՀՅԴն ապակենտրոն կուսակցութիւնն է, սակայն մենք միասնական ենք, յատկապէս երբ հարցը վերաբերում է ազգային խնդիրներին: Մեր յաջողութեան գրաւականը դա է», պարզաբանեց Ռուզան Առաքելեան։