ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Սարհատ Պետրոսեան զերծ հեռացուեցաւ «Կադաստրի կոմիտէ»ի ղեկավարի պաշտօնէն՝ կառավարութեան համապատասխան որոշումով, որուն մէջ նշուած էր. «Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9րդ յօդուածի 2րդ մասով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշում է
Սարհատ Պետրոսեանին ազատել «Կադաստրի կոմիտէ»ի ղեկավարի պաշտօնից»:
Յիշեցնենք, որ Սարհատ Պետրոսեան 18 Հոկտեմբերին կառավարութեան ղեկավարին հրաժարական ներկայացուցած էր՝ նշելով պատճառները, որոնց մէջ դիտել տուած էր, որ չի կիսեր առկայ մօտեցումները՝ քաղաքաշինութեան բնագաւառին մէջ: