ՊԷՅՐՈՒԹ, «Պի.Պի. Սի.».- Լիբանանի մէջ շարունակուող համաժողովրդային ցոյցերուն 13րդ օրը՝ Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, վարչապետ Սաատ Հարիրի պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ իր եւ իր կառավարութեան հրաժարականը պիտի յանձնէ նախագահ Միշէլ Աունին, նկատի ունենալով, որ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերը ձախողութեան մատնուած են, իսկ երկրին տնտեսական կացութիւնը սկսած է արագօրէն վատթարանալ։
Քաղաքական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ երկրին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի մտահոգիչ յայտարարութիւնը արագցուցած է Հարիրիի որոշումը։
Արդարեւ, «Սի.Էն.Էն.»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սալամէ Երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ եթէ բողոքի ցոյցերը շարունակուին, Լիբանանի տնտեսութիւնը քանի մը օրէն պիտի քայքայուի:
Հարիրիի յայտարարութենէն անմիջապէս առաջ, շիիներու «Հըզպալլա» եւ «Ամալ» կուսակցութեան համակիրներ նկատուող անձեր յարձակեցան Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ փողոցները փակած ցուցարարներուն վրայ, այրելով անոնց վրանները։
Բանակը եւ ոստիկանութիւնը միջամտեցին եւ կրցան որոշ չաթով հանդարտեցնել կացութիւնը, որմէ ետք եկաւ Հարիրիի յայտարարութիւնը, որ ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ ցուցարարներուն կողմէ։
Այժմ, նախագահ Աուն պէտք է վաւերացնէ հրաժարականը, որմէ ետք կառավարութիւնը պաշտօնի վրայ պիտի մնայ մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը։