ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ոստիկանութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արման Սարգսեան ու ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատար Վահէ Ղազարեան 27 Հոկտեմբերին այցելեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանի մարտական դիրքեր, ուր մարտական հերթապահութիւն կը կատարեն ոստիկանութեան զօրքերու ծառայողները:
Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ Արման Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ սահմանապահ ոստիկաններուն հետ, ծանօթացաւ անոնց կենցաղային պայմաններուն, սպառազինութեան, հետաքրքրուեցաւ ծառայութեան առանձնայատկութիւններով:
Ոստիկանութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը շնորհակալութիւն յայտնեց դիրքապահներուն՝ հայրենանուէր ծառայութեան համար եւ նշեց, որ անոնց թիկունքը ամուր է ծառայակից ընկերներուն շնորհիւ: «Իսկ որքան ամուր է սահմանապահի թիկունքը, այնքան մարտունակ է դիրքում կանգնած ծառայողը», յայտնեց ան։
Արման Սարգսեանի հրամաններով բարեխիղճ ծառայութեան համար ոստիկանութեան զօրքերու խումբ մը ծառայողներ պարգեւատրուեցան արտակարգ կոչումներով, կրծքանշաններով ու պատուոյ գիրերով:
Մարտական դիրքերու այցելութեան աւարտին Արման Սարգսեան սահմանապահ ոստիկաններուն մաղթեց խաղաղութիւն, անփորձանք ու բարի ծառայութիւն: