ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Լոս Անճելըսի «Մարօ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40ամեակի տօնակատարութիւնը։
Բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի Ռեպեքա Պէրպէրեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ 17րդը հանդիսացած մասնաճիւղին հիմնադրութեան ամփոփ պատմականը, ինչպէս նաեւ իրագործումները եւ ծրագիրները։
Ապա, ան բեմ հրաւիրեց ձեռնարկին ներկայ բոլոր հիմնադիր անդամները, ծաղկեփունջեր յանձնելով անոնց՝ առ ի գնահատանք անոնց նուիրումին։
Պէրպէրեան նաեւ Մայքըլ Արամի արձանակիրներ յանձնեց մասնաճիւղին նիւթապէս նեցուկ կանգնած Փօլ եւ Սանտրա Քալեմգիրեաններուն, Էլ եւ Տիանա Քապրալոֆներուն ու Կրեկ եւ Ճինա Ֆելիքեաններուն։
Ապա վարչութեան անդամ Սաթենիկ Ղազարեան տեղեկութիւններ տուաւ մասնաճիւղին հաստատած եւ Անի Քարամարտեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամին մասին, որուն շնորհիւ վերջին 5 տարիներուն ընթացքին կարելի եղած է 10 կրթանպաստներ տրամադրել Ֆերահեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններու աշակերտներուն։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամ եւ «Մարօ» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն Անիթա Ալթունեան՝ շնորհաւորելով մասնաճիւղին անդամները այս ուրախ առիթով, նոյն ժամանակ դրուատելով մասնաճիւղին տրամադրած ազգանուէր սպասարկութիւնները։