ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առաջին միջազգային իր շրջապտոյտին ընթացքին, այս շաբաթ Հայաստան պիտի ժամանէ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամենաերկարատեւ հեռարձակուող ընկերային ծանուցումներու կերպարը՝ «Սմոքի արջը», շարունակելու համար հրդեհներու դէմ պայքարի մասին իրազեկման իր առաքելութիւնը:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան համաձայն՝ «Միայն դուն կրնաս կանխել անտառային հրդեհները» պատգամով ծանօթ եւ առաւել քան եօթ տասնամեակի փորձառութիւն ունեցող արջը գլխաւորաբար մանուկներու միջոցաւ կը տանի իր պայքարը, հրդեհներ կանխարգիլելու նպատակով։ Հայաստանի մէջ, «Սմոքի արջ»ը Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի եւ Միացեալ Նահագներու անտառային ծառայութեան ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ հանդիպումներ պիտի ունենայ թէ՛ երեխաներու եւ թէ պետական պաշտօնատարներու հետ ու պիտի այցելէ Երեւաի եւ անոր մերձակայքը գտնուող անտառապատ տարածքներ՝ հանրութիւնը ուսուցանելու, թէ ինչպէս պէտք է սիրել բնութիւնը եւ պաշտպանել Հայաստանի անտառապատ տարածքները եւ վայրի բնութիւնը:
Անոր արշաւին աւելի մօտէն ծանօթանալու համար՝ այցելել www.smokeybear.com կայքը։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու անտառային ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը սկսած է 2010ին՝ իրականացնելով շարք մը ծրագիրներ, համագործակցելով հասարակութեան եւ կառավարութեան հետ։