ԵՐԵՒԱՆ.- 20 Հոկտեմբերին «Օրորա» ֆորումի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու յիշատակին, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր-թանգարանը, որուն տնօրէնը՝ Յարութիւն Մարութեան ընկերակցեցաւ հիւրերուն։ Այնուհետեւ «Օրորա» ֆորումի եւ «Գագաթնաժողով՝ յանուն անտառներու» համաժողովի մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի զբօսայգիին մէջ ծառատունկ կատարեցին։ Օրորա Մարտիկանեանի յիշատակին նուիրուած ծառուղիին մէջ տնկուեցան 160 գիհիներ: Յիշատակի ծառատունկը իրականացաւ «Էյ.Թի.Փի.» բարեսիրական հիմնարկի եւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան միացեալ ջանքերով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.