ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Յատկանշական եւ պատմական օր մըն էր Շաբաթ 28 Սեպտեմբերը, որովհետեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը կազմակերպած էր Այնթապի նուիրուած երեկոյ մը, Փասատինայի «Ճիվելէկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ։
Երկու հարիւր անձերու ներկայութեամբ գողտրիկ սեղաններու շուրջ հաւաքուած էին այնթապցիներ եւ այլ հայրենակիցներ։
Սեղաններուն վրայ կային Այնթապի յատուկ աղանդերի տեսակներ, որոնք պատրաստուած էին Տիկնանց միութեան կողմէ։
Սրահին մուտքին ցուցադրուած էին Այնթապի ձեռագործներ։
Օրուան հանդիսավարն էր Վարդուհի Հալէպօղլեան Սարգիս, որ ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը։ Ան բարեգալուստի խօսքեր ուղղելէ ետք հրաւիրեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը, որ օրհնեց սեղանները, բարի ախորժակ եւ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն։
Ապա Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Թերէզ Քեմանճեան Այնթապի բարբառով գրութիւն մը կարդաց՝ փոխադրելով մեզ Այնթապ եւ թարմացնելով այնթապցիներուն յուշերը։ Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց, կամաւոր ճաշի պատրաստութեան օգնող տիկիններուն, որոնք սիրայօժար աշխատեցան՝ հրամցնելով նաեւ օրուան պապենական ձաւարի եւ միսի շաղուածքով մածունով ա-պուրը, որ գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ։
Համադամ ուտելիքները ճաշակելէ ետք, առիթը ունեցանք դիտելու այնթապցիի ականատեսի աչքերով պատրաստուած տեսերրիզը։
Հաճելի էր նաեւ իբրեւ այնթապցի լսել Սիրան Մարսէլեանի Այնթապի մասին գրուած ծիծաղաշարժ պատմութիւնները։
Ապա պահն էր վայելելու Յովիկ Մենէշեանի երգերը։ Ան առաջին առիթով երգեց Այնթապի քայլերգը, շարունակելով երգել հայրենասիրական երգեր։
Ներկաները ուրախ մթնոլորտի մէջ ըլլալով՝ շուրջպարեր կատարեցին եւ նուիրատուութիւններուն մասնակցեցան։
Այսպիսով, Այնթապի նուիրուած երեկոյին հաճելի պահեր ունեցանք, մասնաւորաբար յիշելով մեր սովորութիւնները եւ մշակոյթը՝ հաւատալով, որ այս առիթ պիտի ընծայէ փոխանցելու նոր սերունդին մեր աւանդութիւնները։