Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Սուրիահայերու միութիւնը եւ Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնը 20 Հոկտեմբերին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ պիտի իրականացնեն սուրիահայ վարպետներու ձեռարուեստի «Սուրիահայ արուեստի ծիլը» խորագիրով ցուցահանդէսւ։
Պիտի ներկայացուին սուրիահայ 20 վարպետներու արուեստի եւ արհեստի աշխատանքներ՝ արծաթագործութիւն, ասեղնագործութիւն, քաղցրաւենիք, կարուձեւ, հելունագործութիւն եւ այլն:
Նշենք, որ «Շուշանիկ» միութեան եւ Սուրիահայերու միութեան համագործակցութիւնը սկսած է 2017ին. անիկա համայնքներու միջեւ մշակութային կապերը ամրապնդելու հեռանկարներ ունի:
Ցուցահանդէսին հիմնական նպատակն է՝ նպաստել հայկական ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ծանօթացման եւ ժողովրդական վարպետներու ստեղծագործական գործունէութեան խթանման, որոնց շնորհիւ կը ստեղծուին վարպետներու փորձառութեան փոխանակում եւ ստեղծարարութեան նոր կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ պայմաններ՝ միջհամայնքային մշակութային կապերու ու յետագայ համագործակցութեան զարգացման համար: