ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ անցեալ ամիս Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի միջեւ նոր բանակցութիւններ տակաւին չեն ծրագրուած, յայտարարեց Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Վրաստանի նախագահը նաեւ նշեց բանակցութիւններու կարեւորութիւնը ռուս-վրացական հարցերու լուծման համար եւ արեւմտեան գործընկերներուն կոչ ուղղեց՝ աջակցելու անոնց: «ՄԱԿի մէջ իմ խօսքիս ընթացքին ես ըսի, թէ երբ Վրաստանի պէս երկիր մը հակամարտական կացութիւն եւ բռնագրաւման հարցեր լուծելու համար միակողմանի կարգով հրաժարեցաւ ուժի կիրարկումէն, կը մնայ միայն մէկ ճամբայ, որն է՝ դիւանագիտութիւնը: Դիւանագիտութեան ճամբուն վրայ մենք կը խնդրենք մեր գործընկերներէն, ներառեալ՝ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, որ անոնք երբեք չմոռնան Վրաստանը», աւելցուց ան: