ԷՆՍԻՆՕ.- Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբերին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանի եւ իր կնոջ՝ Սօսիին, Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական ընթրիք մը՝ ի նպաստ Լիբանանի թեմի Ազգային վարժարաններուն։
Ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Արեւ-մտեան թեմի նախկին առաջնորդներէն Եփրեմ արք. Թապագեան, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային վարչութեան, եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներ, ազգային գործիչներ եւ բարերարներ։
Սեղաններու օրհնութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Կարօ Էշկիեան, որ ընդգծեց հայ դպրոցին կարեւորութիւնը եւ գլխաւոր առաքելութիւնը նոր սերունդներու հայակերտումի գործին մէջ եւ վերահաստատեց Արեւմտեան թեմին զօրակցութիւնը։
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Նարեկ սրբազանը, որ առաջին հերթին շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց հիւրընկալութեան եւ զօրակցական արտայայտութեանց համար, յատկապէս նշելով հիւրընկալ թեմի առաջնորդը եւ Ազգային վարչութեան ատենապետը, որոնք դրականօրէն ընդառաջած էին իր փափաքին։ Ապա, ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Լիբանանի Ազգային վարժարաններու իրավիճակը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները։
Այնուհետեւ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդը իր պատգամը ուղղեց։ Ողջունելէ ետք Նարեկ սրբազանը եւ ներկաները, ան շեշտը դրաւ ձեռնարկի նպատակին՝ Լիբանանի մեր վարժարաններու աշակերտներուն զօրակցութեան վրայ։ Սրբազանը նաեւ շեշտեց Արեւմտեան եւ Լիբանանի թեմերու երկար տարիներու ջերմ յարաբերութեան եւ գործակցութեան իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններուն ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, որոնք հիմնուած են եղբայրութեան եւ սիրոյ սկզբունքներուն վրայ, եւ առաջարկեց թեմերուն ազգային վարժարաններուն միջեւ քոյր վարժարաններու դրութիւն մը ստեղծել։ Ան բարձր գնահատեց երեկոյթը հիւրընկալող ամոլը եւ կոչ ուղղեց զօրակցիլ հայ դպրոցին, հայ գիրին ու դպրութեան տարածման, որ դարերէ ի վեր եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդի ամէնէն վսեմ առաքելութիւններէն մէկը, որուն խօսուն ապացոյցն է այսօրուան ընթրիքը։
Նշենք, որ նախապէս խոստացուած հանգանակութեանց զուգահեռ, ճաշկերոյթին ընթացքին ներկաները շարունակեցին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարել։
Կ’ըսուի որ հանգանակուած գումարը «մեծ բան մը չէր»: Այլապէս, ցանկը կը հրապարակուէր: