ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Երկրորդ տարին ըլլալով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ, Արցախի բնակչութեան բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ անոնց սպասարկելու մարդասիրական ծրագիրի ծիրին մէջ Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ խորհրդատուութիւններ եւ վիրահատութիւններ կը կատարեն Միացեալ Նահանգներու «Glendale Adventist Health» բժշկական կեդրոնի մասնագէտները:

Արցախ գտնուող 40է աւելի բժիշկները համաշխարհային մակարդակի որակ ունեցող բարձրակարգ մասնագէտներ են, որոնք վեցօրեայ այցելութեան ընթացքին ծրագրած են կատարել տարբեր տեսակի վիրաբուժական միջամտութիւններ եւ վիրահատութիւններ։
Ծրագիրի ծիրին մէջ մանկաբոյժ մասնագէտի կողմէ կը կատարուի երեխաներու ընդունելութիւն եւ խորհրդատուութիւն: Նախքան բժիշկներու Արցախ հասնիլը, հանրապետական բժշկական կեդրոնին կողմէ վերջին 6 ամսուան ընթացքին կատարուած են բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները:
«Glendale Adventist Health» բժշկական կեդրոնի սրտաբան, գլխաւոր բժիշկ Սարգիս Գիրամիճեան նշած է, որ իր նպատակը ո՛չ միայն հիւանդները բուժելն է, այլ նաեւ տեղւոյն բժիշկներու հետ փորձառութեան փոխանակման միջոցով անոնց համար օրինակ ծառայելը։ «Ցաւալի է, որ Արցախի մէջ չունին համապատասխան բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղորայք, այդ պատճառով ալ մենք մեզի հետ բերինք անհրաժեշտ պիտոյքներ»:
Ըստ անոր՝ հիմնականին մէջ հանդիպումներ ունեցած են զարկերակներու, սրտի երակներու գլխաւոր արմատներու եւ ճիւղաւորուած երակներու բարդ խնդիրներով հիւանդներու։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի բժիշկներուն, որոնք, հակառակ ամէն դժուարութեան, կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը եւ կը համագործակցին իրենց հետ։
Բժիշկները նաեւ կ՛այցելեն տարբեր շրջաններ եւ գիւղերու բնակչութեան համապատասխան բժշկական օգնութիւն կը ցուցաբերեն։